Կուսթաւօ Ալվարօ` Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Գլխաւոր Մարզիչը Ըլլալու Գլխաւոր Թեկնածուն

gustavo51 տարեկան արժանթինցի մասնագէտ Կուսթաւօ Ալվարօ շատ հաւանաբար կրնայ գլխաւորել Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը:

Այս մասին «Արմենիա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան` նշելով, որ ան յառաջիկայ ամիս պիտի ժամանէ Հայաստան:

Միաժամանակ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը բանակցութիւններ կը վարէ այլ մասնագէտներու հետ ալ:

ArmSport.am-ին յայտնի դարձաւ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ներկայիս կապի մէջ է նաեւ սպանացի մասնագէտ Կրեկորիօ Մանսանոյի հետ, որ անցեալին աշխատած է «Լա լիկա»-ի շարք մը խումբերու, որոնց կարգին` Մայորքայի հետ:

Ինչ կը վերաբերի Ալվարոյին, ան ներկայիս արժանթինեան Արսենալի մարզիչն է: Անոր կազմը 17-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք 29 կէտով կը գրաւէ 4-րդ դիրքը:

Share this Article
CATEGORIES