Ռուբէն Հայրապետեան` «Փրօ» Կարգի Արտօնագիր Ստացող Մարզիչներուն. «Ձեզմէ Կէսը Մարզիչութենէն Հեռու Է…»

roupenՀայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան երէկ ելոյթ ունեցաւ Ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցած մարզիչի «ՓՐՕ» կարգի արտօնագիրներու յանձնման արարողութեան ընթացքին: Անոր կարծիքով, «Փրօ» կարգի արտօնագիր ունենալը չի նշանակեր, որ հայ մարզիչները բարձր որակաւորում ունին:

«Նախ եւ առաջ, հայկական ֆութպոլին անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ֆլեմինկ Սերիցլեւին, որ այս ամբողջ ժամանակաշրջանին ընթացքին մեծ ներդրում ունեցաւ «ՓՐՕ» կարգի արտօնագիրերու համար դասընթացքներ կազմակերպելու եւ մարզիչներուն համապատասխան գիտելիքներ ապահովելու հոլովոյթին կայացման համար: Շատ լաւ է, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կարելիութիւն ունի «ՓՐՕ» կարգի արտօնագիր տալու, բայց խօսքս ուղղելով վկայական ստացած մարզիչներուն, կու գամ ըսելու, որ անոնցմէ կէսը մարզիչութենէ հեռու է: Այսօր մեր հաւաքականը գլխաւոր մարզիչ չունի, բայց հանրութիւնը ձեզմէ ոչ մէկուն թեկնածութիւնը կը քննարկէ այդ պաշտօնը ստանձնելու համար: Կը կարծեմ, որ ատոր համար դո՛ւք էք յանցաւորը: Փափաքս եւ մաղթանքս է, որ ձերբազատիք այլեւս խորհրդային մտածելակերպէն եւ սկսիք ձեր վրայ աշխատիլ: Դուք պէտք չէ բաւարարուիք միայն ձեր ստացած վկայագիրներով: Այս քննադատութիւնը ձեր օգտին է, որպէսզի շարունակէք սորվիլ եւ կանգ չառնէք զարգանալու ճամբուն վրայ: Կը շնորհաւորեմ ձեզ բոլորդ` արտօնագիր ստանալու առիթով», եզրափակեց Հայրապետեան:

Նշենք, որ արտօնագիր ստացած 12 մասնագէտներուն կարգին էին Վարդան Մինասեան եւ Աբրահամ Խաշմանեան:

Share this Article
CATEGORIES