Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Մի՛ մոռնաք, որ ունիք պարտականութիւններ եւ ժամադրութիւն` պաշտօնական անձի մը հետ: Առանց ուշանալու ներկայ եղէք եւ կատարեցէք ձեր խոստումը, որպէսզի վստահութիւն ներշնչէք ձեր խօսակիցին:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ընթերցանութեամբ կրնաք հաճելի եւ օգտակար ժամանց մը ունենալ: Ձեր կարդացածը կրնաք փոխանցել ձեր շուրջիններուն` իբրեւ ուսանելի խօսք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Օրը ունի քանի մը հանդիպումներ: Կարեւորագոյնը առաջնահերթ նկատեցէք, իսկ միւսները կատարեցէք ըստ կարգի, առանց մոռնալու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ ունիք մուրհակ վճարելու պարտաւորութիւն, յարգեցէք ձեր ժամադրութիւնը, օրը օրին: «Պարտքը տալով, մեղքը լալով» կ՛ըսէ առածը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Հաւաքական աշխատանքի պահուն պիտի ստեղծուի թիւրիմացութիւն ձեր գործակիցներուն միջեւ: Առանց ջղայնանալու կամ անտեսելու` լուծեցէք խնդիրը, իրաւացի եւ արդար տրամադրութեամբ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր գաղտնիքը պահեցէք ձեզի, որովհետեւ երկու անձին լսածը կրնայ տարածուիլ բերնէ բերան: Ամէն մարդ չի կրնար գաղտնապահ ըլլալ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ գումար մը փոխ տուած էք անձի մը եւ ան ուշացուցած է իր պարտքը կատարել, առանց ամչնալու` յիշեցուցէք անոր: Այս փորձառութիւնը լաւ դաս մը պիտի ըլլայ ձեզի համար:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մանկավարժութիւնը կը հետաքրքրէ ձեզ: Եթէ ձեզի յանձնած են երեխաներ, զանոնք պտոյտի տարէք կամ դաստիարակութեան միջոցներ ստեղծեցէք, որպէսզի օրը անցնի սիրալիր եւ օգտակար:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր իրագործումներուն մասին մի՛ խօսիք հրապարակաւ: Պէտք չկայ յիշելու, թէ ինչպէս աշխատած էք, կամ որքան գումար շահած էք: Լռութիւնը ոսկի է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ դժուարութիւններ ունիք աշխատանքի կամ այլ հարցի մը պատճառով, դիմեցէք փորձառու բարեկամի մը, որպէսզի օգտուիք անոր ցուցմունքէն:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Նոր հորիզոններ տեսնելու փափաքը կ՛աճի ձեր մէջ: Ստեղծուած առիթները օգտագործեցէք` առանց ժամանակ կորսնցնելու: Օրը փայլուն է, կ՛օգտուիք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Անակնկալ հիւրերու դիմաց քիչ մը պիտի շփոթիք, բայց կրնաք օգնութեան կանչել ձեզի մօտիկ անձեր` օգտակար ըլլալու համար հիւրասիրութեան եւ այլ կարգի պարտաւորութիւնները լուծելու:

