50 Տարի Առաջ (27 Նոյեմբեր 1963)
Խմբագրական
Խաղաղութեան Մարդը
Մարդկութիւնը տակաւին դժուարութիւնը կ՛ունենայ արթննալու այն ապշահար վիճակէն, որուն մատնուեցաւ ուրբաթ գիշեր, երբ բոլոր երկիրներու բոլոր ռատիոկայանները գուժեցին Միացեալ Նահանգներու երիտասարդ նախագահին սպանութեան լուրը: Գնդակը, որ կը մտնէր այդ մեծ մարդուն գանկին մէջ` կտրելով անոր կեանքին թելը, նոյն ատեն կը մխուէր իւրաքանչիւր մարդու հոգիին մէջ, մօտ կամ հեռու, բարեկամ թէ հակառակորդ, որոնք նախագահ Քենետիի մէջ սիրած էին երիտասարդը, կորովի մարդը, խաղաղութեան պաշտպանը եւ մարդկութեան ճակատագրին հանդէպ խորունկ գիտակցութիւն ունեցող քաղաքական ղեկավարը:
Գաղափարներու տարածման եւ պետական մեծ դէմքերու ընտանեցման միջոցները այնպիսի կատարելութեան մը հասած են, որ Քենետի, իր ժպիտով, իր ընտանեկան երջանկութեամբ, իր համոզումներով եւ ըմբռնումներով մտած էր իւրաքանչիւր տունէ ներս, անբաժան մէկ անդամն էր կարծէք ոչ միայն իւրաքանչիւր ամերիկացի ընտանիքի, այլ նաեւ` համայն աշխարհի բոլոր ընտանիքներուն:
Քաղաքական կեանքի մէջ վերանորոգումի ու նոր ըմբռնումներու մարդն էր ան: «Նոր հորիզոններու» գաղափարախօսը, որ իր ջղուտ ձեռքին մէջ կը կեդրոնացնէր աշխարհի հզօրագոյն տէրութեան եւ այդ իսկ պատճառով` մարդկութեան ճակատագիրը:
Սահմանադրական երդումի օրն իսկ, երբ այնքան վա՜ռ յոյսերով կը մտնէր Սպիտակ տուն, հոգիները ցնցող արտայայտութիւն մը կ՛ունենար, երբ կ՛ըսէր իր ժողովուրդին.
«Մի՛ հարցնէք, թէ ի՛նչ կրնայ ընել ձեր երկիրը ձեզի համար, այլ հարցուցէք, թէ ի՛նչ կրնաք ընել դո՛ւք, ձեր երկրին համար»:
Իրմէ առաջ ոչ ոք այսպէս արտայայտուած էր ամերիկացի ժողովուրդին, ոչ ոք այդ մեծ ու վեհանձն ժողովուրդը դրած էր իր պատասխանատուութեան լրիւ ըմբռնումի ճամբուն վրայ: Ու այս անկեղծութիւնը, այս ջերմութիւնը ըստ արժանւոյն գնահատուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէկ ծայրէն միւսը, նոյնիսկ` իր քաղաքական հակառակորդներուն կողմէ, որովհետեւ նոր ժամանակներու պահանջն էր, որ Քենետիի բերնով կ՛ուղղուէր ամերիկացի ժողովուրդին:
Միջազգային կեանքի մէջ նախագահ Քենետի համակրանքի ու յարգանքի խառնուրդ զգացում մը արթնցուց բոլոր երկիրներու մէջ, երբ գիտցաւ ըլլալ վճռական ու ճկուն միաժամանակ, երբ յաջողեցաւ սառնասրտութեամբ դիմագրաւել ծանրագոյն տագնապները, որոնք կը սպառնային մարդկութիւնը տանիլ հիւլէական պատերազմի մը վիհը:
Յանձին Քենետիի, ամերիկեան նոր սերունդն էր, որ տէր կը կանգնէր իր երկրի ճակատագրին, ինչպէս կ՛ըսէր նախագահ Ճոնսըն: Ու այդ նոր սերունդը կը ներշնչէր վստահութիւն ոչ միայն իր ժողովուրդին, այլ` աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն, որոնք հաւատացած էին, թէ Քենետիի խաղաղասիրութիւնը կու գար ոչ թէ իր երկրին տկարութենէն, այլ` գաղափարական համոզումէն: Խաղաղութիւնը գլխաւոր մտասեւեռումը եղաւ այս մեծ նախագահին, որուն օրով միջազգային յարաբերութիւնները մտան հաւասարակշռուած հունի մը մէջ, երբ կողմերը ճանչցան իրենց իսկական ուժերը եւ որոնեցին ու գտնելու վրայ էին խաղաղ համակեցութեան ուղի մը, որ կարելի միակ ճամբան էր:
Նախագահ Լինտըն Ճոնսըն, Սպիտակ տուն մտնելով այնքան եղերական պայմաններու մէջ, թանկագին ժառանգութեան մը գերագոյն տէրը կը հանդիսանայ: Ամբողջ մարդկութեան յոյսն ու մաղթանքն է, որ արժանի ժառանգորդը հանդիսանայ իր մեծ նախորդին, որուն գործակիցն ու լծակիցը եղաւ երեք տարի:
Ամերիկայի ժողովուրդը իր խոր ցաւին եւ անպատում վիշտին մէջ, բարոյական այնպիսի ուժ մը կու տայ իր նախագահին, որ ան ինքզինք ու իր երկիրը բաւական զօրաւոր կը զգայ` շարունակելու համար այն լուսաւոր ճամբան, որ Քենետի բացած էր Միացեալ Նահանգներու եւ համայն մարդկութեան առջեւ:
Այս մարզին մէջ նախագահ Ճոնսընի յաջողութիւնը պիտի ըլլայ Քենետիի մատուցած վերջին ծառայութիւնը իր ժողովուրդին եւ բոլոր ժողովուրդներուն:

