«Ազդակ»` Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Պուրճ Համուտ` Տիպար Հայաքաղաքը. Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Օրհնութիւնն Ու Օծումը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

DSC08765Պուրճ Համուտ իր հիմնադրութենէն ետք արագօրէն աճեցաւ, շէնցաւ եւ կառուցուեցան եկեղեցիներ ու դպրոցներ: Հայաբոյր աւանը 1950-ական տարիներուն հսկայական փոփոխութիւններու ենթարկուեցաւ, բարձրացան բազմայարկ շէնքեր, կառուցուեցան ակումբներ ու սրահներ եւ բազմաթիւ աշխատանոցներ ու գործարաններ բացուեցան: Ժողովուրդին ապրելակերպը անհամեմատ բարելաւուեցաւ եւ շրջանը դարձաւ ինքնաբաւ:

«Ազդակ» յաճախ անդրադարձած է Պուրճ Համուտի հայ կեանքի տարբեր երեւոյթներուն:

10 եւ 11 յուլիս 1961-ի թիւերով եւ «Պուրճ Համուտ տիպար հայաքաղաքը» խորագիրով թղթակցութիւններով «Ազդակ» կը գրէր.

*
*   *

Հայութեան սիրտը հոս կը բաբախէ, հայադրոշմ այս շրջանին մէջ, որ հայ ժողովուրդի դառն ճակատագրին դէմ շահուած յաղթանակ մըն է:

Անճանաչելին միայն հոս իմաստ ու տարողութիւն կը ստանայ: Եթէ փորձենք պահ մը ետ երթալ դէպի երեսունական թուականները, ջանանք պատկերացնել ամայութիւնը տեսարանին ու գումարը տառապանքներուն, որոնց կ՛ենթարկուէին ժողովուրդի մը բեկորները ու յանկարծ վերադառնանք մեր օրերուն, այն ատեն անճանաչելին իմաստ կը ստանայ:

Հայուն շինարար ոգին, անոր քրտինքն ու կամքը միայն կրնային իրագործել այն հրաշքը, որ այսօր Պուրճ Համուտ կը կոչուի:

Պահ մը աչք նետեցէք համայնապատկերին վրայ: Մարդուն սիրտը հրճուանքով կը լեցուի, երբ մտածենք, թէ այդ շէնքերուն (հսկայական պիլտինկներ) տէրերը հայեր են, զաւակները անոնց, որոնք անապատներէն փրկուեցան եւ որբ ու անօթի եկան այս ափերը:

Հայու ճակատագիր: «Անապատները ծաղկեցնող» այս ժողովուրդը շէնցուցած է Անդր-Նահրը, որ այսօր իր եկեղեցիներով, ազգային վարժարաններու ցանցով, ակումբներով եւ սրահներով, դարձած է հայաքաղաք, ուր կ՛ապրին 30-40,000 հայեր:

Պուրճ Համուտը հայաբոյր կեդրոնն է Լիբանանի գաղութին, մնայուն հայթայթիչը հայկականութեան:

Պուրճ Համուտ աճեցաւ ու զարգացաւ մասնաւորաբար 1950-ական տարիներուն: Այս տեսակէտէն, ոչինչով ետ կը մնայ Պէյրութի կարգ մը թաղամասերէն, որոնք արագօրէն շէնցան, երբ նախապէս աւազաբլուրներ էին:

Հայաքաղաքի շինարարական վերելքին համեմատութեամբ բարձրացաւ նաեւ ժողովուրդի կեանքի մակարդակը: Պտոյտ մը` Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ, բաւական է փաստելու համար այս իրողութիւնը: Ակնբախ կերպով փոխուած է ժողովուրդին ապրելակերպը, առաջուընէ շատ աւելի լաւ կը հագնին ու կ՛ուտեն, աւելի հետամուտ են ընկերային եւ համայնական կեանքի, ձերբազատուած ըլլալով նիւթական մտահոգութիւններէ: Շատեր կալուածատէր են եւ փրկուած պէյրութաբնակ հայերու պիւտճէին վրայ ծանրացող բնակարանային վարձքի տաղտուկէն: Այս պարագան հնարաւորութիւն կու տայ` աւելի լայն միջոցներ յատկացնելու իրենց զաւակներու դաստիարակութեան գործին:

Յատկանշական երեւոյթ մըն է այս պարագան, որ Պուրճ Համուտ դարձած է ոչ միայն ինքնաբաւ շրջան մը, որ տեղւոյն վրայ աշխատանք կը հայթայթէ իր երիտասարդութեան, այլ նաեւ քաղաքի զանազան շրջաններէն երիտասարդներ կ՛երթան աշխատելու այդ շրջանը, որ դարձած է ճարտարարուեստական գօտի` իր բազմապիսի գործարաններով եւ աշխատանոցներով:

Այս պարագան մեծապէս կը սատարէ Պուրճ Համուտի բարգաւաճման եւ այդ շրջանի հայութեան նիւթական վիճակի բարելաւման, իր զանազան անդրադարձներով:

Այս ընթացքով, շատ փայլուն ապագայ մը կը սպասէ հայաբնակ այս կեդրոնին, որ պիտի գիտնայ իր նիւթական առաւելութիւնները վերածել բարոյական նպաստներու` անհատական թէ հաւաքական կեանքի մարզերուն մէջ:

Այս առթիւ, կ՛ուզենք շեշտել յատկանշական պարագայ մը. մեր մարզական բոլոր միութիւններուն գլխաւոր հայթայթիչը կը հանդիսանայ Պուրճ Համուտ, որ տասնամեակներէ ի վեր անդադար նոր ուժեր կը հասցնէ` դարմանելով քաղաքի երիտասարդութեան անտարբերութիւնը` դէպի մարզական կեանքը: Ինչո՞վ կարելի է բացատրել այս երեւոյթը: Կը կարծենք, թէ պարզագոյն բացատրութիւնը Պուրճ Համուտի երիտասարդութեան մօտ բացառիկ կենսունակութեան մը եւ խանդավառութեան մը գոյութիւնն է` դէպի կեանքի առողջ ըմբռնումները:

Այս երիտասարդութիւնը տիրացած է գաղափարական առողջ դաստիարակութեան մը որ իտէալ մը ու դրօշակ մը տուած է իրեն, հաւաքական կեանքի նպատակ մը, որուն կը պատշաճեցնէ իր անձնական կեանքը:

Մեղուաջան աշխատանքի մը արդիւնք այս շրջանը տարուէ տարի պիտի աճի եւ զարգանայ` իբրեւ ամէնէն պերճախօս օրինակը այն իրագործումներուն, որոնց կրնայ հասնիլ հայը, եթէ ազատ կեանքի պայմաններ ստեղծուին:

Հայկական գաղթականութեան պատմութեան մէջ, Պուրճ Համուտ պիտի գրաւէ ամէնէն փայլուն էջը:

 *

*   *

DSC08763Պուրճ Համուտի վերելքը կու գայ այն օրերէն, երբ վարչական կարգադրութեամբ, դարձաւ առանձին քաղաքապետութիւն: Մինչեւ 1960, այս քաղաքապետութեան վերին իշխանաւորը եղաւ ժրաջան եւ գործունեայ կրօնական մը` Հայր Պօղոս Արիս, որուն անունը անքակտելիօրէն կապուած է լիբանանահայութեան եւ յատկապէս Պուրճ Համուտի հետ:

Անոր մահէն յետոյ, քաղաքապետական խորհուրդը յատուկ ժողով գումարելով, ըստ օրինի, իր մէջէն ընտրեց նոր քաղաքապետ մը` յանձին Լութֆիկ Նարկիզեանի:

Պուրճ Համուտի մասին քննութիւնը մղում ստացաւ անարդար գանգատէ մը: Քանի մը պուրճ համուտցիներ էին, որոնք կը գանգատէին մժեղներու անօրինակ ալիքէն, որ  խուժած էր Պուրճ Համուտ: Գիշերը քուն չկար, ցերեկը հանգիստ: Անտանելի էր, անհանդուրժելի: Ինչպէ՞ս կարելի էր առաջքը առնել նման արշաւի մը, որ մալարիա եւ այլազան հիւանդութիւններ կը բերէ իր հետ:

Առաւօտ մը «Ազդակ»-ի աշխատակիցները ընդունուեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին մէջ, ընդարձակ շէնք մը, լայնարձակ եւ լուսաւոր սենեակներով եւ արդիական կարասիներով: Քաղաքապետին սենեակը կահաւորուած է հանգստաւէտ  թիկնաթոռներով եւ օժտուած զովացուցիչ մեքենայով:

Աշխատակիցներուն առաջին հարցումը կը վերաբերէր… մժեղներուն:

Հասկնալի ժպիտ մը, ու ահա պատասխանը.

– Պուրճ Համուտ յանցաւոր չէ, այլ զոհ: Ճիշդ է որ մժեղները կը վխտան այս շրջանին մէջ, բայց անոնց բոյները մեր հասողութեան եւ պատասխանատուութեան սահմաններէն դուրս կ՛իյնան: Եթէ նկատի ունենաք Պուրճ Համուտի դիրքը, այդ պարագային հասկնալի կը դառնայ, թէ ինչ ըսել կ՛ուզենք: Պուրճ Համուտ շրջապատուած է Պէյրութի, Սին էլ Ֆիլի, Տըքուէնիի եւ Ժտէյտէ – Պաուշրիէի քաղաքապետական-վարչական սահմաններով: Պէյրութի գետին մէջ թափող Ֆըրն Շըպպէքի եւ Այն Ռըմմանէի կոյուղիները մժեղի մնայուն արտադրիչներ են: Աւելցնենք, որ այդ տեսակէտէն երբեք ետ չեն մնար Սին էլ Ֆիլի, Տըքուէնիի եւ Ժտէյտէի պարտէզները:

Մնացեալը դիւրին է բացատրել:

Գիտականօրէն` մժեղ մը առաւելագոյնը 500 մեթր թռիչքի հասողութիւն ունի: Իր ծնած կէտէն 500 մեթր անդին միայն կրնայ երթալ: Եթէ նկատի ունենանք, որ Նահրի գլխաւոր կամուրջէն մինչեւ Տորայի սահմանը Պուրճ Համուտ ունի 1200 մեթր երկայնք մը, այն ատեն կ՛ըմբռնենք, թէ ինչպէս Նահրի գետէն եւ Ժտէյտէի ու Սին Էլ Ֆիլի պարտէզներէն եկող մժեղները կը խուժեն Պուրճ Համուտ, այն տպաւորութիւնը տալով, թէ տեղւոյն վրայ կ՛արտադրուին:

Տոքթ. Մելքոն Հայրապետեան, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան պաշտօնական բժիշկն է, յաւելեալ մանրամասնութիւններ կու տայ այս մասին.

– Այն օրէն ի վեր, որ մժեղներու արշաւը սկսաւ, կրկնապատկեցինք մեր առողջապահական խմբակին թիւը: Անոնք օրն ի բուն կը շրջին թաղերը եւ մազութ ու մալարիոլ կը սրսկեն բոլոր կասկածելի վայրերը: Ինչ որ մարդկօրէն հնարաւոր է` կ՛ընենք մեր սահմաններուն մէջ, բայց կան խնդիրներ, որոնք պէտք է լուծուին առողջապահական նախարարութեան միջոցներով: Օրինակ, Նահրի գետին պարագան, որ արմատական կարգադրութեան մը կը կարօտի: Եթէ իրականանայ առողջապահական նախարարութեան ծրագիրը Պէյրութի գետին առնչութեամբ, մեծ մասամբ լուծուած կ՛ըլլան առողջապահական կարգ մը խնդիրներ, որոնք կապ ունին գետեզերեայ շրջաններու հետ:

Պաշտօնական այս բացատրութիւններէն ետք, «Ազդակ»-ի աշխատակիցները պտոյտ մը կատարեցին Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ: Նոր Մարաշ, Նոր Սիս, Նոր Ատանա. ներքին փողոցներէն մինչեւ հանրակառքի պողոտան` հոգածու քաղաքապետութեան մը դրոշմը կը կրեն:

Հոս, փողոցները աղբակոյտի չեն վերածուած: Առաւօտ կանուխէն, աղբահաւաքներու խումբեր կը շրջին թաղերը, իսկ աւելածուները գործի վրայ են միշտ: Փողոցները կանոնաւոր կերպով կը ջրուին մասնաւոր ինքնաշարժներով: Մէկ խօսքով, քաղաքապետութիւնը իր պարտականութիւնը լրիւ կերպով կը կատարէ` շրջանի առողջապահութեան հանդէպ լուրջ վերաբերումով:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը դիւրին միջոցը չէ ընտրած շրջանի կոյուղիներու ցանցին համար: Նիւթական զոհողութիւններու գնով, նոյնիսկ գետեզերեայ շրջաններու կոյուղիները երկու մայր խողովակներով տարած է դէպի ծով:

Այս պարագան, առողջապահական տեսակէտէն մեծ նպաստ մըն է: Պուրճ Համուտ ոչ միայն տիպար հայաքաղաք մըն է, այլ հետզհետէ դառնալու վրայ է տիպար քաղաք մը, շնորհիւ իր պատասխանատուներուն անխոնջ աշխատանքին եւ նուիրումին:

*

*    *

DSC08766Պուրճ Համուտի Նորաշէն թաղի եկեղեցին փայտաշէն եւ թիթեղաշէն էր: Քարաշէն նոր եկեղեցին կառուցուեցաւ 1960-1961-ին, իսկ օրհնութիւնն ու օծումը` կիրակի, 14 մայիս 1961-ին: «Նորաշէնի Սուրբ Վարդանանց նորակառոյց եկեղեցիին օրհնութիւնն ու օծումը» խորագիրով թղթակցութեամբ «Ազդակ» 15 մայիս 1961-ի թիւով կը գրէր.

Նորաշէնի (Թիրօ-Սանճաք) հայութիւնը ցնծութեան խանդավառ օր մը ապրեցաւ, իրագործուած տեսնելով տարիներու իր գեղեցիկ երազը – կրաղիւսեայ սիրուն եկեղեցի մը, նուիրուած Սրբոց Վարդանանց:

Ինչպէս Խորէն արք. Բարոյեան ըսաւ իր հոգեշունչ քարոզին մէջ, շրջանի նախկին եկեղեցին, իր խարխլած սիւներով եւ պատերով, մէկ օրէն միւսը կքելու վտանգին տակ էր: Թաղականութիւնը, որոշած ըլլալով նորոգել, օր մըն ալ, նորոգութեան պահուն, սիւները կքեցան եւ եկեղեցին դարձաւ աւերակոյտ մը: Յուսաբեկումը եղաւ սակայն կարճատեւ: Շնորհիւ թաղականութեան ձեռներէց ոգիին, ազգային իշխանութիւններու քաջալերութեան եւ հայ ժողովուրդի նուիրաբերման ոգիին, շուտով կազմուեցաւ հանգանակիչ յանձնախումբ, որ ժրաջան աշխատանքի լծուելով, ոչինչէն հնարաւորութիւններ ստեղծեց եւ ահա` տարի մը չանցած, բարձրացաւ Աստուծոյ տաճարը, մեր սրբազան հաւատքին միջնաբերդերէն մէկը:

Ու ճիշդ ատոր համար ալ, շրջանի պատկան մարմիններն ու ժողովուրդը արդար հպարտութեամբ մըն է որ ողջունեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոսը, որ ի գնահատութիւն կատարուած գործին, անձամբ նախագահեց նորակառոյց եկեղեցւոյ օրհնութեան եւ օծման արարողութիւններուն:

Շաբաթ, 13 մայիսի գիշերը կատարուեցաւ հսկում եւ եկեղեցիին նկարները օծուեցան ջուրով եւ գինիով: Կիրակի առաւօտ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ զանազան եկեղեցիներու թաղականութեանց ներկայացուցիչները գացին Անթիլիաս` հանդիսաւոր թափօրով բերելու համար Զարեհ Ա. կաթողիկոսը, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ շրջանի թաղականութեան կողմէ կերտուած յաղթանակի զոյգ կամարներուն տակէն անցնելով, հասաւ եկեղեցւոյ դուռը, ուր խոյ մը զենուեցաւ եւ աղաւնիներ թռցուեցան, մինչ սպիտակազգեստ երկու աղջիկներ վարդի թերթեր կը սփռէին վեհափառի անցքին:

Պատարագը կը մատուցանէր Լիբանանի թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան, որ կատարեց նաեւ եկեղեցիի 12 սիւներուն եւ որմերուն օրհնութիւնն ու օծումը, շատ տպաւորիչ արարողութիւններով:

Առաջին շարքերուն վրայ տեղ գրաւած էին հրաւիրեալներ, որոնց կարգին պետական նախարար Խաչիկ Պապիկեան, պետական երեսփոխան Մովսէս Տէր Գալուստեան եւ Վարդգէս Շամլեան, Ազգային Գաւառական ժողովի ատենապետ Միսաք Ազիրեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան անդամները եւ ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներ: Երգեցողութիւնը կատարուեցաւ «Շողակաթ» երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ Ս. Համպոյեանի:

Սրբազանը իր քարոզէն ետք, հրաւիրեց վեհափառ կաթողիկոսը, որ իր օրհնութիւնը տայ ժողովուրդին: Ն. Ս. Օծութիւնը խօսեցաւ խորիմաստ քարոզ մը, բնաբան ունենալով Եսայի մարգարէի այն խօսքը, թէ «Երկինքը իմ աթոռս է ու երկիրը` իմ ոտքերուս պատուանդանը»: Վեհափառը շեշտեց, թէ իսկական եկեղեցին սէր եւ համերաշխութիւն է եւ մաղթեց, որ այս գեղեցիկ եկեղեցին նաեւ կերտուի հայ ժողովուրդի հոգիին մէջ, քրիստոնէական սիրով եւ համերաշխութեամբ:

Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատուասիրութիւն եւ բոլորն ալ շնորհաւորեցին շրջանի թաղականութիւնն ու Շինութեան յանձնախումբի անդամները` իրենց արդիւնաւէտ գործունէութեան համար:

*

*    *

Նշենք, որ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին հետագային, 1990-ական տարիներուն քակուեցաւ եւ փոխարէնը բարձրացաւ ներկայ գեղակերտ եկեղեցին եւ անոր կողքին` առաջնորդարանի շէնքը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES