Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց` ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՃԵԱՆ
Մոմավառութիւն` Ֆլորա Մարտիրոսեանի Յիշատակին
Նոյեմբեր 20-ին ժողովրդական արուեստագէտ, Կոմիտասի անուան միջազգային երաժշտական դպրոցի հիմնադիր Ֆլորա Մարտիրոսեանի մահուան տարելիցն էր: Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ երգչուհիին շիրիմին շուրջ համախմբուած էին հարազատներն ու իր համակիրները. վերջինները, Մարտիրոսեանի ընտանիքին արտօնութեամբ, կազմակերպած էին մոմավառութիւն, որուն ներկայ էին նաեւ երգչուհիին որդին եւ դուստրը:
Մոմավառութիւնը նախաձեռնող Արտակ Աղաջանեան «Նիուզ»-ի լրագրողին յայտնած է, որ իրենք նաեւ դիմած են Երեւանի քաղաքապետարանին` խնդրելով արտօնութիւն տալ, որպէսզի Կարապի լիճին կից Ֆլորա Մարտիրոսեանին յիշատակին նուիրուած երեկոյ կազմակերպուի, հնչեն Ֆլորա Մարտիրոսեանին երգերը: 10 օր ետք քաղաքապետարանը մերժած էր` պատճառաբանելով, որ այդ վայրին մէջ սահադաշտ կը կառուցուի:
Նոյեմբեր 23-ին, ժամը 1:00-ին, հարազատները այցելեցին ժողովրդական արուեստագէտ Ֆլորա Մարտիրոսեանի շիրիմը, քանի որ պաշտօնապէս այդ օրը յայտարարուած էր անոր մահուան օրը:
«Սապերաթուր–Սեւան»-ը Կը Տօնէ Իր Հայաստանեան
Գործունէութեան 25-ամեակը
«Պոժոլէ նուվօ» ֆրանսական գինիի տօնակատարութեան օրը Հայաստանի մէջ պիտի նշուի «Սապերաթուր-Սեւան» ճամբորդական գործակալութեան 25-ամեակի, ինչպէս նաեւ «Եւրոպա» պանդոկի եւ «Էքզեքիւթիվ Թրաւըլ» ընկերութիւններուն 10-ամեայ յոբելեանները:
Նոյեմբեր 21-ին այդ առիթներով կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին «Սապերաթուր-Սեւան» ճամբորդական գործակալութեան նախագահ-համասեփականատէր Լեւոն Պաղտասարեանը պատմած է զբօսաշրջական ընկերութեան հիմնադրութեան դժուարութիւններուն մասին: Ան նշած է, որ «Սապերաթուր-Սեւան»-ը հիմնուած է խորհրդային տարիներուն` «վերակառուցման» շրջանին, 1988-ին: Պաղտասարեան յիշեցուցած է, որ «Ինտուրիստ»-ը այն ատեն զբօսաշրջական ոլորտին մէջ մենաշնորհ ունէր եւ կը կազմակերպէր արտասահմանցիներու այցելութիւնները: «Պարոն Սարգսեանին հետ որոշեցինք մեր գրասենեակը ստեղծել Երեւանի մէջ, որովհետեւ այդ ժամանակ Կորպաչովը կը թոյլատրէր դրամագլուխի 50 տոկոս մասնաբաժինով արտասահմանեան ընկերութիւններ ստեղծել: Բաւական աշխուժ աշխատանքի սկսանք, բայց պէտք է ըսել, որ դժուար տարիներ էին», նշած է Պաղտասարեան:
Անդրադառնալով 10 տարի առաջ Երեւանի մէջ հիմնադրուած «Եւրոպա» պանդոկին` Պաղտասարեան յայտնած է, որ booking.com համակարգով անիկա 10 ամբողջական կէտերէն 8.3 վարկանիշ ստացած է, ինչպէս նաեւ տիրացած է որակաւորման վկայագիրի` «Թրիփ էտվայզըր» ընկերութեան կողմէ: Պաղտասարեան նշած է սակայն, որ ձեռք բերուածով չէ բաւարարուած ու պիտի ձգտի աւելիին:
Պաղտասարեան «Պոժոլէ նուվօ»-ի տօնը հետաքրքրական նկատած է` դիտել տալով, որ անիկա ընտանիքներուն առիթ կու տայ համախմբուելու եւ միասնաբար ուրախ պահեր անցընելու:
Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հանրի Ռենօ նշած է, որ երեք ընկերութիւններն ալ իրենց մեծ ներդրումը ունեցած են հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու զարգացման առումով: «Բարեկամութեան ոգիով տոգորուած երկու մարդիկ միացան, եւ իբրեւ արդիւնք` ունեցանք այսպիսի յաջող ձեռնարկ մը», դիտել տուած է դեսպանը:
Անդրադառնալով «Պոժոլէ նուվօ» գինիի տօնին` դիւանագէտը նշած է, որ անիկա տարածուած է աշխարհի 120 երկիրներու մէջ եւ բացատրած է, որ «Պոժոլէ նուվօ»-ն հայկական մաճառի աւելի ազնուական տեսակն է: Անոր համաձայն, նախորդ տարի Ֆրանսայի մէջ արտադրուած է 32 միլիոն շիշ «Պոժոլէ նուվօ», որուն կէսէն աւելին արդէն արտածուած է: Ռենօ ըսած է, որ «Պոժոլէ նուվօ» գինիի տօնը երկրորդ անգամ ըլլալով կը նշուի Հայաստանի մէջ: Ան ասիկա լաւ առիթ նկատած է, որպէսզի ներածողները «Պոժոլէ նուվօ» բերեն Հայաստան:
«Դալմա Գարդեն»-ի Մէջ` «Սինեմա Սթար»
Շարժապատկերի Սրահի Բացում
Երեւանի «Դալմա գարդեն»-ի մէջ 17 նոյեմբերին բացումը կատարուած է 6 սրահներէ օժտուած «Սինեմա Սթար» շարժապատկերի սրահին: Երկրորդ յարկին վրայ 5000 քառակուսի մեթր տրամադրուած է ոչ միայն շարժապատկերի սրահներուն, այլ նաեւ պոլինկի սիրահարներուն (հրաշալի սրահ` 6000-էն մինչեւ 12,000 դրամ արժողութեամբ), նաեւ խաղասարքերու շքեղ ժամանցի գօտի կայ:
Շարժապատկերի սրահի բացման հրաւիրուած էին լրագրողներ, որոնց հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին սրահներուն եւ անոնց աշխատանքներուն մասին խօսեցան «Տաշիր» խումբի փոխնախագահ Տաթեւիկ Կարապետեանը, «Սինեմա Սթար-Հայաստան»-ի տնօրէն Հրաչեայ Արշակեանը եւ ցանցի տնօրէն Կարինա Աղաջանովան:
Շարժապատկերի սրահներուն մէջ պիտի ցուցադրուին միայն նորութիւններ` գործակցութեամբ ժապաւէնի արտադրութեան նշանաւոր ընկերութիւններու հետ, ինչպէս` «Տիզնի», «Ֆոքս», «Փարամաունթ»: Ժապաւէնները պիտի ցուցադրուին իրենց բուն լեզուով, ռուսերէն թարգմանութեամբ, պիտի ցուցադրուին փառատօնային ժապաւէններ, իսկ հետագային մարզական մրցումներու ուղղակի սփռումներ պիտի կատարուին: Նոյեմբեր 18-25 ցուցադրութեան տոմսերու վաճառքէն գոյացած ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի բարեգործութեան, մասնաւորապէս` «Կեանք նուիրիր» հիմնարկին:
Բակօ Սահակեան Ընդունած Է
Փլասիտօ Տոմինկօ Կրտսերը
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 17 նոյեմբերին ընդունած է սպանացի օփերայի նշանաւոր երգիչ Փլասիտօ Տոմինկօ կրտսերը:
Այս մասին կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը:
Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է երգիչին` Արցախի մէջ համերգով հանդէս գալուն համար, նշելով, որ ատիկա մեծապէս կը նպաստէ հանրապետութեան մէջ մշակոյթի զարգացման, մշակութային երկխօսութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ իր մէջ ունի խաղաղութեան պատգամ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ կարգ մը ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցեր:
Հանդիպման մասնակցած են Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեանն ու պաշտօնատար այլ անձեր:
Ազրպէյճան Արձագանգած Է
Փլասիտօ Տոմինկօ Կրտսերի ԼՂՀ Այցելութեան
Երգիչ, երգահան Փլասիտօ Տոմինկօ կրտսերի Լեռնային Ղարաբաղ կատարած այցելութիւնն ու հոն տեղի ունեցած երգահանդէսը զայրացուցած է ազրպէյճանցիները: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ի դէմս նախարար Էլման Ապտուլլայեւի, այս մասին կատարած է յայտարարութիւն մը: Այս մասին տեղեկացուցած է ազրպէյճանական Haqqin.az կայքը:
Էլման Ապտուլլայեւ անգամ մը եւս խօսած է Ազրպէյճանի սկզբունքային տեսակէտին մասին, որուն համաձայն, առանց պաշտօնական Պաքուի հետ համակարգելու` Լեռնային Ղարաբաղ տրուած որեւէ այցելութիւն կը նկատուի անօրինական: Ան նշած է, որ իրենք ներկայիս կ՛ուսումնասիրեն Փլասիտօ Տոմինկօ կրտսերի այցելութեան հարցը:
Նոյեմբեր 17-ին Փլասիտօ Տոմինկօ կրտսեր սկսաւ Արցախ տուած իր այցելութեան: Օր մը առաջ, Երեւանի մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Տոմինկոն մտահոգ չէ՞, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ելոյթ տալէ ետք կրնայ Ազրպէյճանի «Սեւ ցանկ»-ին վրայ երեւիլ, ինչպէս Մոնսերաթ Քապալիյէն եւ այլ հանրաճանաչ դէմքեր, երգիչը կէս կատակ, կէս լուրջ ըսած է. «Ես տեղական քաղաքականութենէն ոչինչ կը հասկնամ: Հաւանականութիւն կա՞յ, որ զիս բանտարկեն: Դէմ չեմ, եթէ ինծի բարձ եւ վերմակ, տուփ մը ծխախոտ ու սուրճ տաք: Միակ բանը, որ կ՛ուզեմ, այն է, որ յաջորդ առաւօտ զիս չգնդակահարեն»:
Փլասիտօ Տոմինկօ կրտսերը հռչակաւոր թենոր Փլասիտօ Տոմինկոյի որդին է: Ան երգեր գրած է Լուչիանօ Փաւարոթիի, Տայանա Ռոսի, Թոնի Պենեթի, Մայքըլ Պոլթընի, Փլասիտօ Տոմինկօ աւագի եւ այլ երգիչներու համար:
Փլասիտօ Տոմինկօ Կրտսեր`
Արցխէն Ետք Հայաստանի Մէջ
Նոյեմբեր 21-ին Երեւանի «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ կայացած է սպանացի նշանաւոր թենոր Փլասիտօ Տոմինկոյի որդիին` երգիչ եւ երգահան Փլասիտօ Տոմինկօ կրտսերի առաջին ելոյթը Հայաստանի մէջ: Արուեստագէտին համերգներուն կազմակերպիչը «Մեցցօ փրոտաքշըն» ընկերութիւնն է:
Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ իր ելոյթին ընթացքին ան կատարած է լատինամերիկեան սիրային գեղօններ, ճազի եւ վիպերգային երաժշտութեան փունջ մը, որով յատկանշուած է իր նոր` «Latidos» («Սրտի զարկեր») ձայնասկաւառակը:
Կարմիր Բլուրին Վրայ Հսկայական
Դամբարանադաշտ Մը Բացայայտուած Է
Կարմիր Բլուրին վրայ տեղի ունեցած պեղումներուն ընթացքին հնագէտները գտած են հսկայական դամբարանադաշտ մը, ուր լաւագոյնս պահպանուած է թաղման ծէսը: Նոյեմբեր 21-ին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնած է Պատմամշակութային ժառանգութեան գիտահետազօտական կեդրոնի տնօրէն Յակոբ Սիմոնեանը` նշելով, որ պեղումներու առաջին հանգրուանով տակաւին միայն 700 մեթր տարածք կարելի եղած է հետազօտել: «Երկրորդ փուլում արդէն իսկ կ՛ուսումնասիրուեն դամբարաններն առանձին-առանձին», յայտնած է ան: Սիմոնեան նշած է, թէ նախնական տուեալներով կարելի է ըսել, որ դամբարանները քաղաքաբնակ աշխատաւոր խաւին կը պատկանին:
«Մենք արդէն տուեալներ ունենք, թէ ինչպիսի դիրքով են մահացածին թաղել: Հիմա հարկաւոր է սպասել պեղումների միւս արդիւնքներին», աւելցուցած է ան:
Թէյշեբաինիի մէջ (Կարմիր Բլուր) պեղուած է երկու հազար քառակուսի մեթր մակերեսով, երկարաւուն ճակատին կողմէ չորս առանձին մուտք ունեցող մեծ շէնք մը: «Շէնքն ունի յատակագծով միմեանց կատարելապէս համընկնող 11 սենեականոց 4 բնակարան: Կարմիր Բլուրի վիմագրական նիւթը, պատմելով Ռուսա Բ.ի հիմնած քաղաքի, տաճարների, սրբատեղերի, պաշտամունքային այլ կառոյցների մասին, աւելի որոշակի է դարձնում կառոյցների նշանակութիւնը», բացատրած է Սիմոնեան:
Վիմագիր արձանագրութիւնները հիմնականօրէն կը վերաբերին շինարարական գործունէութեան եւ գրուած են մեծ մասամբ պաշտամունքային կառոյցներու լրացուցիչ մասերուն վրայ (որմնաքարեր, մուտքի բեկորներ եւ այլն): Կարեւոր աղբիւրներ են սեպագիր կաւէ սալիկները (բերդի արխիւ), որոնք առաւելապէս կը բովանդակեն տնտեսական փաստաթուղթեր եւ Թէյշեբաինիի մէջ բնակող փոխարքային ուղղուած իրաւաբանական բնոյթի գրութիւններ եւ արքայական հրամաններ: