ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆՑ ՅԱՆՁՆՈՒՄԻ ԵՒ ՍՏԱՆՁՆՈՒՄԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԵՑԱՆ

Տէտէեան եւ Սապունճեան

Ճարտարարուեստի նախարարութեան մէջ երէկ տեղի ունեցաւ յանձնումի եւ ստանձնումի պաշտօնական արարողութիւն մը, որուն ընթացքին ճարտարարուեստի նախկին նախարար Աբրահամ Տէտէեան նախարարութիւնը յանձնեց նոր նշանակուած նախարար Վրէժ Սապունճեանի:

Պաշտօնական արարողութեան ընթացքին Տէտէեան ընդգծեց, որ ճարտարարուեստի մարզի ներկայացուցիչներուն եւ գործատէրերուն պահանջները պէտք է առաջնահերթութիւն նկատուին:

Իր կարգին, Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ ինք պիտի ջանայ զարգացնել նախարարութիւնը` արդիականացնելով անոր աշխատանքի օրէնքներն ու կանոնները: Ան դիտել տուաւ, որ անհրաժեշտ է առաջնահերթութիւնը ընծայել լիբանանցիներուն կարիքներուն եւ գործատէրերուն պահանջներուն անսալ, որովհետեւ անոնք երկրին ազգային տնտեսութեան հիմնական սիւներն են:

Յանձնումի եւ ստանձնումի պաշտօնական արարողութիւններ տեղի ունեցան նաեւ տեղեկատուութեան նախարարութեան մէջ, ուր տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք Թարեք Մըթրիէն ստանձնեց նախարարութիւնը, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան մէջ, ուր նախարար Հասսան Տիապ Հասան Մնայմնէէն ստանձնեց նախարարութեան պարտականութիւնները:

Իր կարգին, ելեւմուտքի նախկին նախարար Ռայա Հասան նախարարութիւնը յանձնեց նախարար Մոհամետ Սաֆատիի, իսկ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախկին նախարար Ալի Ապտալլա նախարարութեան պատասխանատուութիւնը փոխանցեց նոր նշանակուած նախարար Ֆայսալ Քարամէի:

Աշխատանքի նախարարութեան մէջ եւս նախարար Շարպել Նահհաս ստանձնեց իր նոր աշխատանքը նախկին նախարար Պութրոս Հարպէն:

 

Share this Article
CATEGORIES