ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱ ՀԱՐՏԱՆԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՆԵՐԿԱՅ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ ընդունեց Ղովմի կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտանը, որուն կ՛ընկերակցէր Քասեմ Սալեհ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հըզպալլայի պատասխանատուներէն Մահմուտ Քումաթի:
Հըզպալլայի տեղեկատու գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ սէյիտ Նասրալլա եւ Հարտան քննարկած են Լիբանանի քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:
Անոնք շեշտեցին կառավարութեան կազմութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս` ազգային մակարդակի վրայ, ինչպէս նաեւ ընդգծեցին, որ նոր մեծամասնութիւնը պէտք է ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնները եւ առաւելագոյն չափով գործակցի, որպէսզի կարելի ըլլայ ազգային իրագործումներ ու նուաճումներ կատարել եւ լիբանանցիները գոհացնել:
Հանդիպումին ընթացքին սէյիտ Նասրալլա եւ Հարտան շեշտեցին երկկողմանի գործակցութեան եւ խորհրդակցութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն ամրապնդումը` բոլոր մարզերուն վրայ:


