«ՊԻՏԻ ԱՇԽԱՏԻՆՔ Ի ԽՆԴԻՐ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ՇԱՀԵՐՈՒՆ» ԸՆԴԳԾԵՑ ՓԱՆՈՍ ՄԱՆՃԵԱՆ
Պետական նախարար Փանոս Մանճեան «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի գործէ ի խնդիր լիբանանցի ժողովուրդին շահերուն` նկատի ունենալով լիբանանցիներուն դիմագրաւած հարցերը:
Փ. Մանճեան մաղթեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը շուտով հրապարակուի` աւելցնելով, որ այդ ծրագիրը պիտի բովանդակէ որոշ կէտեր, որոնք ուղղակի կը վերաբերին Լիբանանի արտաքին քաղաքականութեան:
CATEGORIES Լիբանանեան

