ՊԸՐՐԻ – ՄԱՐՈՒԱՆ ՇԱՐՊԵԼ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպելը` ներկայութեամբ Ահմետ Պաալպեքիի:
Հանդիպումէն ետք Շարպել յայտնեց, որ Պըրրիին կատարած իր այցելութիւնը ծանօթացման բնոյթի այցելութիւն մըն է` աւելցնելով, որ ինք Պըրրիին ծանօթ է անոր կեցուածքներուն եւ սկզբունքներուն ընդմէջէն:
Շարպել նկատել տուաւ, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկրին կացութիւնը, վարչական ապակեդրոնացումի թղթածրարը, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց նախարարութեան վարչական աշխատանքներուն վերաբերող շարք մը մանրամասնութիւններ:
Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն:
CATEGORIES Լիբանանեան