ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի` Գաղափարական Դաստիարակութիւն Ջամբող Դարբնոցի 40-ամեակի Արժանավայել Նշում

lem26111340 տարիներ առաջ, յունուար 1973-ին հիմը դրուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի երիտասարդական միութեան, որուն գլխաւոր նպատակն էր կազմակերպման անհրաժեշտ միջոցները ստեղծել, որպէսզի հայ երիտասարդութիւնը կարենայ իր բեմը ունենալ եւ գործել իբրեւ պահանջատէր երիտասարդութիւն:

Այս առաջադրանքներով ստեղծուած եւ արդէն իսկ 40 տարիէ ի վեր լիբանանահայ իրականութեան մէջ պատնէշի վրայ գտնուող ԼԵՄ-ը 40 տարուան իր գոյերթին ընթացքին արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը, փաստեց, որ ինք մարմնաւորումն է իր հիմնադիրներուն նպատակներուն ու իղձերուն, միութիւնը իր շուրջ համախմբեց երիտասարդութիւնը, ջամբեց գաղափարական դաստիարակութիւն, Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ միշտ գտնուեցաւ առաջին դիրքերու վրայ, կռուեցաւ ի խնդիր հայութեան ինքնութեան, արժանապատուութեան եւ ֆիզիքական գոյութեան: ԼԵՄ-ի շարքերուն մէջ պատրաստուեցան ապագայի գաղափարական տոկուն համոզումով երիտասարդներ, որոնք գիտակից Դաշնակցութեան պատմութեան, գաղափարաբանութեան եւ կազմակերպական կանոններուն, պատրաստ էին ծառայելու Դաշնակցութեան եւ նուիրուելու անոր գերագոյն նպատակներուն:

Այս միութեան 40-ամեակի արժանավայել նշումը կատարուեցաւ երէկ` երեքշաբթի, 26 նոյեմբեր 2013¬ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք ցուցադրուեցաւ ԼԵՄ¬ի 40-ամեայ ուղին ներկայացնող տեսերիզ մը, որուն մէջ այս միութեան, անոր առաքելութեան, անոր շարքերուն մէջ տարուած աշխատանքներուն եւ անկէ եղած ակնկալութիւններուն մասին խօսեցան Յովիկ Պերթիզլեան, Համբիկ Պիլալեան եւ Արա Տեմիրճեան:

Արամ Սոմունճեան

Արամ Սոմունճեան

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց եւ ԼԵՄ-ի խօսքը փոխանցեց Արամ Սոմունճեան, որ ժողովուրդներու կեանքին մէջ երիտասարդութեան կարեւոր դերակատարութիւնը լուսարձակի տակ առնելէ ետք հաստատեց, որ այդ իրողութեան համոզուած Դաշնակցութեան օրուան Լիբանանի կառոյցը հիմը դրաւ ԼԵՄ-ին: Անոր համաձայն, իր բնոյթով ինքնադաստիարակչական այս միաւորը կը փորձէ իր հովանիին տակ համախմբել երիտասարդութիւնը եւ զայն օժտել ազգային, յեղափոխական ու բարոյական դիմագիծով: Ա. Սոմունճեան դիտել տուաւ, որ տարբեր հանգրուաններու տարբեր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման գտնուեցաւ ԼԵՄ-ը, սակայն միշտ ալ կրցաւ կատարել իրեն վստահուած պարտականութիւնը, հաւատարիմ մնաց իր սկզբունքներուն: Իր խօսքի աւարտին` Արամ Սոմունճեան ըսաւ, որ այսօր եւս ԼԵՄ-ը վճռական է շարունակելու երթը նորանոր գործելադաշտերու մէջ:

lem5

lem4

 

 

 

 

 

 

 

Գեղարուեստական բաժինով Դանիէլ Վարուժանի «Ըմբոստանքի շեփոր»-ը ասմունքեցին Վարանդա Եագուպեան եւ Ցոլեր Աղճեան:

Բենիամին Պչաքճեան

Բենիամին Պչաքճեան

Օրուան պատգամը փոխանցեց Բենիամին Պչաքճեան, որ լուսարձակի տակ առնելով երիտասարդութեան յատկանիշները` թարմ մտածողութիւն, անսպառ կորով, կենսունակութիւն, աւանդականը մերժող, անկարելին իբրեւ կարելի ընկալող, հաստատեց, որ ա՛ն է ազգի ապագայի կերտման հիմնական դրամագլուխը: Ան դիտել տուաւ, որ իրենց երիտասարդութեան յատուկ ուշադրութիւն դարձնող ազգերուն ապագան երաշխաւորուած կ՛ըլլայ, որովհետեւ յանձնառու, կոփուած եւ անձնուէր երիտասարդն է, որ իր իտէալական մղումներով պատմութեան անիւը առաջ կը տանի: ԼԵՄ-ի մասին խօսելով` բանախօսը ըսաւ, որ միութեան 40-ամեակը առիթ է քննական ակնարկ մը նետելու ու խորհրդածելու անոր ստեղծման պայմաններուն, իրագործումներուն եւ հասցուցած սերունդներուն շուրջ: Ասկէ մեկնելով` Բ. Պչաքճեան լուսարձակի տակ առաւ ԼԵՄ-ի պատմութեան հիմնական հանգրուաններն ու ուղղութիւնները` հասնելով մինչեւ այս օրերը, երբ տարբեր են պայմանները, մարտահրաւէրներն ու վտանգները: Ան ըսաւ, որ թէեւ մեր երիտասարդական կառոյցները կուռ են ու կազմակերպ, հոն կան հայրենասէր ու նուիրեալ տղաք, սակայն զգալի է, որ միութեան անդամակցողներուն թիւը կը նուազի, մեր կառոյցները որոշ չափով մեկուսացած կը թուին: Առ այդ, Բենիամին Պչաքճեան կարեւոր նկատեց երիտասարդութեան հետ ազգային հարցերը կիսուելու, ընկերային-հասարակական տագնապներուն մասին միասնաբար խորհրդածելու նոր գործելաոճի որդեգրումը: Իր խօսքի աւարտին բանախօսը հաստատեց, որ քառասուն տարի առաջ շատ աւելի աննպաստ պայմաններու մէջ պատասխանատու մարմիններ եւ ընկերներ յաջողեցան երիտասարդական համագաղութային շարժում ստեղծել, ուստի այսօր ալ պէտք է համախմբել երիտասարդութեան ներուժը եւ պատրաստել գաղափարական լիցքաւորումով քաղաքականացած ու պայքարունակ սերունդ:

Վահագն Տատայեան

Վահագն Տատայեան

Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի երիտասարդական միաւորներու սրտի խօսքը փոխանցեց Վահագն Տատայեան, որ ողջունեց ԼԵՄ-ի բազմաբնոյթ եւ բազմաբովանդակ գործունէութիւնը` տարբեր մարզերու մէջ ծաւալուած: Ան յատկապէս շեշտեց, որ ԼԵՄ-ը եղաւ այն կառոյցներէն, որ գաղութին մէջ ծառայելու կողքին չմոռցաւ Հայաստանն ու Արցախը, նուիրուեցաւ անոնց համար, ինչպէս նաեւ ներկայիս ծրագիրներ կ՛իրագործէ նաեւ հոն: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց` ԼԵՄ-ի տարած նուիրական, ազգասիրական աշխատանքներուն համար` հաստատելով, որ կասկած չկայ, թէ ապագային եւս երթը պիտի շարունակուի նոյն կորովով եւ եռանդով:

Աւարտին նուագով եւ երգով հանդէս եկան Րաֆֆի Թասլաքեան, Զոհրապ Քարիկեան, Փոլ Ջըլտրեան, Յովհան Քէշիշեան, Հրայր Չափարեան եւ Անուշ Թասլաքեան:

Ձեռնարկը փակուեցաւ Դաշնակցութեան քայլերգով:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 40-ամեակի հանդիսութեան ընթացքին արտասանուած խօսքերը ամբողջութեամբ կու տանք «Ազդակ»-ի յառաջիկայ թիւերով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )