ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութիւն

Երէկ յետմիջօրէին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Յակոբ Խաչերեան, Յովհաննէս Թասլաքեան, Յակոբ Հաւաթեան, Վիգէն Աւագեան եւ «Ազդակ»-ի տնօրէն Շահան Գանտահարեան, այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն եւ տեսակցեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանին հետ: Հանդիպումին ներկայ էր Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Կարէն Մաթեւոսեան:

Հանդիպումը առիթ ծառայեց խորհրդակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան – Լիբանան միջպետական կապերուն եւ հայրենիք – սփիւռք համագործակցութեան խնդիրներուն մասին:

Կեդրոնական կոմիտէի ընկերները շեշտեցին դեսպանութեան հետ տարբեր հարցերու շուրջ միշտ համագործակցելու անհրաժեշտութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES