Ազրպէյճանն Ու Եւրոպական Միութիւնը Վիլնիուսի Մէջ Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Դիւրացման Համաձայնագիր Պիտի Ստորագրեն
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ` վկայակոչելով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մահմուտ Մամետկուլիեւը, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճան ու Եւրոպական Միութիւն 28-29 նոյեմբերին Վիլնիուսի մէջ տեղի ունենալիք «Արեւելեան գործընկերութեան» վեհաժողովի ծիրին մէջ պիտի ստորագրեն մուտքի արտօնագիրի դրութեան դիւրացման համաձայնագիր:
Պաշտօնեան աւելցուցած է, որ կողմերը նաեւ շարք մը մարզերու մէջ ռազմավարական համագործակցութեան վերաբերեալ համաձայնագիրներ պիտի ստորագրեն:
Յայտնի է, որ վեհաժողովին ընթացքին Ազրպէյճանի պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ նախագահ Իլհամ Ալիեւ, սակայն տակաւին պաշտօնապէս հաստատուած չէ:
Միեւնոյն ժամանակ, Պաքու յայտարարած է, որ Ազրպէյճան մտադիր չէ Եւրոպական Միութեան հետ ստորագրել Ընկերակցութեան համաձայնագիրը:
CATEGORIES Միջազգային

