ԵԱՀԿ-ը Փաստացիօրէն Կը Դադրեցնէ Ազրպէյճանի Մէջ Իր Գործունէութիւնը
Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Պաքուի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի ղեկավար Քորայ Թարկայ յայտնած է, որ 2014-ի յունուար մէկէն սկսեալ Պաքուի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի կարգավիճակը պիտի փոխուի: Գրասենեակը պիտի գործէ իբրեւ նախագիծերու համակարգող:
Ըստ Թարկայի, այդ մասին որոշումը տրուած է 26 յուլիսին` ԵԱՀԿ-ի մնայուն խորհուրդին մէջ:
Այս տարուան սկիզբը Ազրպէյճան դիմած էր ԵԱՀԿ-ին` Պաքուի գրասենեակի կարգավիճակը նուազեցնելու համար: Յուլիսին ԵԱՀԿ-ը համապատասխան որոշում տուած էր:
CATEGORIES Միջազգային