Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտած է շրջանային երկխօսութեան կարեւորութիւնը` արգիլելու համար Քայիտայի նախապատրաստած սադրանքները:
ԱՐՍԱԼԻ քաղաքապետական խորհուրդի վեց անդամներ հրաժարեցան իրենց պաշտօնէն` բողոքելով քաղաքապետ Ալի Հուժէյրիի վարուելակերպին դէմ:
ՅՈՅՆ կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը Սարտինիայէն յոյս յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապը խաղաղ կերպով լուծուի` երկխօսութեան ընդմէջէն:
ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներու համաձայն, Լիբանան վերածուած է ժիհատի գործողութիւններ կատարելու երկրի մը: Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, կը նախատեսուի, որ Լիբանանի մէջ միեւնոյն պահուն կատարուին շարք մը անձնասպանական գործողութիւններ: Հաւանական է, որ պայթումները այս անգամ թիրախ դարձնեն Ռումիէի բանտը եւ ուղղակի կապուած ըլլան իսլամ արգելափակեալներու թղթածրարին հետ:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ մէջ անցեալ երեքշաբթի օրուան անձնասպանական գործողութիւններուն նպատակն էր իրանեան դեսպանատունը քանդել:
ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ազգային ապահովութեան կառոյցի պատասխանատու Սուպհի Ապու Արապ հաստատեց, որ Ահմետ Ասիր կը գտնուի Թրիփոլի: Ան հերքեց բոլոր տեղեկութիւնները, որոնց համաձայն կը նշուի, թէ Ասիր պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ կը գտնուի:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ Պիր Հասանի պայթումներուն հետաքննութիւնը կատարեալ լրջութեամբ եւ բարձր արհեստագիտութեամբ կը շարունակուի:
«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիական ազատ բանակի մէկ սպան է, որ ականած է Պէյրութի մէջ պայթած ինքնաշարժը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մօտիկ աղբիւրներ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին հետ իրենց ունեցած հարցազրոյցին ընդմէջէն Ահմետ Ասիրը եւ պայթումները գործող կողմերը զգուշացուցին այդ պայթումներուն թիրախ դարձող շրջանակին ցասումէն: Նոյն աղբիւրները շեշտեցին, որ Ահմետ Ասիրի հետեւող խմբաւորումներն են, որոնք «Ապտալլա Ազզամ» փաղանգին անուան տակ գործած են Պիր Հասանի պայթումը:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ մէջ ապահովական խախտումները կը գերակշռեն գործադրուած ապահովական ծրագիրը:
ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ վստահելի աղբիւրներ յայտնած են, թէ իրենց հասած էին տեղեկութիւններ, որ որոշ զինեալ խմբաւորումներ ծրագրած էին ռմբակոծել Կեդրոնական Պէյրութի «Շաֆիք Ուազզան» պողոտան, ուր երկրին անկախութեան 70-ամեակին առիթով կը կատարուէր բանակին տողանցքը:
ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ժիհատականներու հոսանքի ղեկավար Իսամ Պարքաուի շեշտեց, որ Հըզպալլայի դէմ կռուիլը սալաֆականներուն համար առաջնահերթութիւն է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ յայտնեց, որ Քայիտայի անդամ ծայրայեղականներ Լիբանանի մէջ պիտի շարունակեն իրենց չարագործութիւնները, այնքան ատեն որ Սուրիոյ մէջ անոնց վրայ բանեցուած ճնշումները կը սաստկանան:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտան յայտնեց, որ Լիբանան պէտք է օգտուի շրջանին մէջ տիրող համեմատաբար աւելի կայուն պայմաններէն` լուծելու համար իր ներքին քաղաքական հարցերը:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսը հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ մարոնի համայնքի Ռայի պատրիարքը պիտի հրաժարի իր պաշտօնէն` նախագահելու համար Վատիկանի մէջ Արեւելքի կաթողիկէ համայնքներու հոգեւոր հաւաքը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ զգուշացուց, որ պայթումները կրնան Հըզպալլայի եւ Իրանի ծրագիրին մէջ ըլլալ:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ գաղտնի սպասարկութեան նախկին պատասխանատու Ֆրէյժ պըն Սայիտ Օուէյտի յայտնեց, որ Հըզպալլա իրանեան բանակ մըն է, որ արաբներուն կը դաւաճանէ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ մինչեւ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին կայացումը, Սէուտական Արաբիա Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ ապահովական մագլցումներ պատճառէ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Ֆարես յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիան կը խոչընդոտէ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը:

