«Սկզբունքով Կ՛ողջունենք Իրանի Եւ Վեցեակին Միջեւ Համաձայնութիւնը» Շեշտեց Ֆուատ Սինիորա

siniora01Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, երէկ նախագահելէ ետք Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, ողջունեց Իրանի եւ վեցեակին միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը` հիւլէականի թղթածրարին շուրջ:

Սինիորա դատապարտեց նաեւ Պէյրութի իրանեան դեսպանատունը թիրախ դարձուցած պայթումները, ինչպէս նաեւ քաղաքական սպանութիւնները, որոնք ահաբեկչութիւններ են:

Սինիորա ընդգծեց, որ բոլոր տեսակի բռնարարքները դատապարտելի են` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է անպայման անկեղծ կեցուածք ճշդել եւ երկխօսութիւն կատարել` լուծելու համար երկրին հարցերը:

Սինիորա ողջունեց նաեւ Լիբանանի անկախութեան առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի արտասանած խօսքը, յատկապէս այն բաժինը, որուն մէջ ան կը նշէ, թէ կարգ մը լիբանանեան կողմեր պետութեան տրամաբանութենէն հեռու են, ինչպէս նաեւ նախագահին հաստատումները, որ անհրաժեշտ է պահպանել անկախ պետութեան իմաստը, յարգել սահմանադրութիւնը եւ յանձնառու մնալ «Պաապտայի յայտարարութեան»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )