Ֆայեզ Ղոսըն Այցելեց Իրանեան Դեսպանատուն

Ապատի եւ Ղոսըն
Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ ուղղուեցաւ իրանեան դեսպանատուն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի հետ:
Հանդիպումէն ետք, Ղոսըն դատապարտեց իրանեան դեսպանատունը թիրախ դարձնող պայթումը, ցաւակցութիւն յայտնելով զոհերու հարազատներուն, ինչպէս նաեւ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն:
Ղոսըն շեշտեց, որ նման ոճիրներ գործող ահաբեկիչներ կրօն, հեղինակութիւն կամ արժէք չունին:
Ղոսըն շեշտեց, որ հաւատադրժողական խմբաւորումները գոյութիւն ունին Լիբանանի մէջ եւ անոնք գաղտնօրէն կը գործեն, իսկ մենք ամէն ջանք ի գործ կը դնենք բացայայտելու համար զանոնք, որովհետեւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը մեզի համար առաջնահերթ է:
Ղոսըն հաստատեց, որ դեսպանատան պայթումին վերաբերող հետաքննութիւնը լրջօրէն կը շարունակուի` աւելցնելով, որ այդ հետաքննութեան արդիւնքներուն մասին բոլորը տեղեակ պիտի պահուին միայն անոր աւարտէն ետք:

