Ռայի Պատրիարքը Վերադարձաւ Պէյրութ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ վերադարձաւ Լիբանան:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ կատարած իր յայտարարութեան ընթացքին ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ոմանք ապատեղեկատուութիւն եւ սուտասանութիւն կը կատարեն:
Ան շեշտեց, որ ինք իմացած է իր հրաժարականին հաւանականութեան մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը` աւելցնելով, որ նման լուրեր ապատեղեկատուութիւն կը նկատուին եւ նկատել տալով, որ Վատիկանի մէջ այս լուրը տհաճ մթնոլորտ մը ստեղծած է:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Արեւելքը պէտք է շարունակէ գոյատեւել պահելով իր գեղեցկութիւնը, այլ խօսքով` պահելով իսլամ եւ քրիստոնեայ բաղադրիչներուն գոյութիւնը:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանան պէտք է պահպանէ իր չէզոքութիւնը, որպէսզի բոլորին դիմաց բաց երկիր մը ըլլայ:
Ան շեշտեց, որ եթէ Լիբանան կորսնցնէ այլ ժողովուրդներու հետ իր յարաբերութիւնը, ապա ան կորսնցուցած կ՛ըլլայ իր արժէքը:

