Զօր. Աուն. «Պետական Հաստատութիւններուն Մէջ Արձանագրուած Անիշխանութիւնը Հրդեհներ Կրնայ Բռնկեցնել»

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ նախագահելէ ետք համախմբումին ընթացիկ նիստին, յայտնեց, որ պետական հաստատութիւններուն մէջ արձանագրուած անիշխանութիւնը հրդեհներ կրնայ բռնկեցնել:

Ան շեշտեց, որ համալսարաններուն մէջ քաղաքականութեան արգիլումը ընկերութիւնը չի զարգացներ` մաղթելով, որ դատական իշխանութիւնները իրենց վճիռը արձակեն` որեւէ հարցի լուծման պարագային:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ համալսարանը կը ստանձնէ հոն պատահած միջադէպերուն պատասխանատուութիւնը: Ան ըսաւ, որ ուսանողներուն միջեւ երկխօսութիւն չկայ, որովհետեւ համալսարանները խզած են այդ կապը:

Միւս կողմէ, զօր. Աուն շնորհաւորեց Իրանն ու Միացեալ Նահանգները` հիւլէական թղթածրարին շուրջ անոնց գոյացուցած համաձայնութեան առիթով եւ յոյս յայտնեց, որ այդ համաձայնութեան դրական ազդեցութիւններէն օգտուի նաեւ Լիբանան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )