Պըրրի Աւարտեց Իրան Կատարած Իր Պաշտօնական Այցելութիւնը

Պըրրի եւ Ռաֆսանժանի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Թեհրանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի քաղաքացիական անվտանգութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալի Շամխանիի հետ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պըրրիի ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Ապտել Լաթիֆ Զէյն, Ղազի Զաայթեր, Ալի Ֆայեատ, եւ Քասեմ Հաշեմ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ շրջանին սպառնացող մարտահրաւէրները:
Պըրրի ընդգծեց շրջանը, որուն մէջ նաեւ Լիբանանը թիրախ դարձնող սադրանքներու եւ պառակտումի դաւադրութեան դիմադրելու կարեւորութիւնը:
Իր կարգին, Շամխանի յայտնեց, որ Միջին Արեւելքը պառակտելու դաւադրութիւնները հին ծրագիրներ են, որոնց դէմ դնելու համար պէտք է միասնականութեամբ գործակցիլ:
Պըրրի իր այցելութիւնը աւարտեց հանդիպում մը ունենալով Իրանի նախկին նախագահ, վարչակարգի դիմագիծի պահպանումի խորհուրդի պետ շէյխ Հաշիմի Ռաֆսանժանիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Պըրրի հաստատեց շրջանին մէջ սադրանքներուն դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ այս ծրագիրէն միակ օգտուողը Իսրայէլն է:
Խորհրդարանի նախագահը կոչ ուղղեց Իրանի եւ արաբական կարգ մը երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու:
Կը նախատեսուէր, որ խորհրդարանի նախագահը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը երեկոյեան վերադառնային Լիբանան:

