«Ժատիտ»-ի Անձնակազմը Դարձեալ Խոշտանգումի Թիրախ` Այս Անգամ Մաքսատան Ձեռամբ

riad_kbaysiԿեդրոնական Պէյրութի դրամատուներու փողոցը երէկ վկայեց ապահովական միջադէպ մը, որուն ընթացքին սակայն անիւներ չհրկիզուեցան, փողոցներ չփակուեցան եւ զինեալ բախումներ չարձանագրուեցան:

Բողոքողները այս անգամ լրագրողներ էին, որոնք նախ եւ առաջ «Ժատիտ» կայանի աշխատակիցներ էին, իսկ երկրորդ` Լիբանանի տարածքին գործող օրաթերթեր, պատկերասփիւռի կայաններ, ձայնասփիւռի կայաններ, պետական անձնաւորութիւններ, դերասաններ, սենտիքաներու նախագահներ եւ քաղաքացիական հասարակութեան գործիչներ:

Ապահովական միջադէպը պատահեցաւ, երբ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի անձնակազմը դարձեալ խոշտանգումի թիրախ դարձաւ` այս անգամ մաքսատան ուժերուն ձեռամբ:

«Ժատիտ» կայանի «Թահթա թայիլաթ ալ մասուլիյա» յայտագիրին անձնակազմը, որ հետախուզական լրագրութեամբ կը բացայայտէ երկրին մէջ փտածութիւնն ու մաքսանենգումը, ուղղուած էր Պէյրութի մաքսատան կեդրոնը` հարցազրոյց մը կատարելու մաքսատան ընդհանուր տնօրէն Շաֆիք Մըրհիի հետ:

Անձնակազմին մաս կազմեցին լրագրող Ռիատ Քպայսի եւ քամերամեններ Ալի Շրայմ, Ալի Խալիֆէ ու Ատիպ Ֆարհաթ. անոնք ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատիի կողմէ յատուկ արտօնագիրով ուղղուած էին մաքսատան կեդրոն եւ կատարեալ քաղաքավարութեամբ կը փափաքէին հարցազրոյց մը կատարել Մըրհիի հետ:

Սակայն Մըրհի մեկնած էր մաքսատան կեդրոնէն, իսկ մաքսատան ուժերը բուռն կերպով խոշտանգած էին անձնակազմի անդամները, յատկապէս լրագրող Ռիատ Քպայսին, եւ զանոնք բանտարկած մաքսատան կեդրոնին մէջ, ուր շարունակուած էր անոնց խոշտանգումը:

«Ժատիտ» կայանի անձնակազմը լքելով իր աշխատանքը ուղղուած էր մաքսատան կեդրոն, որուն դիմաց բողոքած էր լրագրողներուն նկատմամբ գործուած քստմնելի այդ արարքին դէմ:

«Ժատիտ» կայանի անձնակազմին միացան մեծ թիւով լրագրողներ, որոնք իրենց կարգին խոշտանգուեցան մաքսատան ուժերուն կողմէ:

Դէպքէն շուրջ երեք ժամ ետք, լիբանանեան բանակը ժամանեց մաքսատան կեդրոն, ուրկէ Քպայսին եւ անոր երեք գործակիցները փոխադրեց Պէյրութի Արդարութեան պալատ:

«Ժատիտ»-ի անձնակազմին զօրակցեցան հարիւրաւոր քաղաքացիներ, ինչպէս նաեւ պետական անձնաւորութիւններ, որոնք կը ներկայացնէին թէ՛ Մարտ 8-ի եւ թէ՛ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը:

Ընդհանուր դատախազի փոխարինող դատախազ Սամիր Համմուտ շեշտեց, որ դատական իշխանութիւնները օրէնքի շրջագիծին մէջ պիտի աշխատին` աւելցնելով, որ իրենք պիտի լսեն «Ժատիտ»-ի անձնակազմին վկայութիւնները եւ ըստ այնմ զանոնք ազատ պիտի արձակեն:

Դատախազ Համմուտ այս հարցին հետաքննութիւնը յանձնեց քրէական հարցերու հետաքննիչ ոստիկանութեան:

Երեկոյեան ժամը 9:00-ին Ռիատ Քպայսի եւ անոր գործակիցները ազատ արձակուեցան եւ վերադարձան պատկերասփիւռի կայանը, ուր անոնք դիմաւորուեցան տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Տաուքի կողմէ, որ խստիւ դատապարտեց պատահարը եւ զօրակցութիւն յայտնեց լրագրողներուն եւ խօսքի ազատութեան:

Ազատ արձակուելէ ետք, Արդարութեան պալատի մուտքին Ռիատ Քպայսի ըսաւ. «Խորհուրդ կու տամ բոլոր պատասխանատուներուն վերջ տալու մաքսանենգութիւնը հովանաւորելու իրենց կեցուածքին, ինչպէս նաեւ խորհուրդ կու տամ Մաքսատան տնօրէն Շաֆիք Մըրհիի պատիւով հրաժարելու` առանց արժանապատուութեան հրաժարելու փոխարէն»:

Քպայսի աւելցուց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը առնչուած են փտածութեան հետ:

Նշենք, որ «Ժատիտ»-ի տնօրէնութիւնը մաքսատան ուժերուն դէմ դատական հարց յարուցեց:դակ» եւ «Վանայ ձայն» դէպքը նկատեցին խօսքի եւ տեղեկատուութեան ազատութիւնը կաշկանդող ու սահմանափակող քայլ:

 

Share this Article
CATEGORIES