«Ազդակ» Եւ «Վանայ Ձայն» Կը Դատապարտեն «Ժատիտ» Պատկերասփիւռի Կայանի Լրագրողներուն Խոշտանգումը
Երէկ «Ազդակ»-ի եւ «Վանայ ձայն»-ի տնօրէնութիւններն ու անձնակազմերը երկու անջատ դատապարտագիրներով խստիւ դատապարտեցին Մաքսատան վարչութեան կեդրոնական Պէյրութի կեդրոնատեղիին առջեւ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողներուն վրայ կատարուած յարձակումը:
«Ազդակ» եւ «Վանայ ձայն» դէպքը նկատեցին խօսքի եւ տեղեկատուութեան ազատութիւնը կաշկանդող ու սահմանափակող քայլ:
CATEGORIES Լիբանանեան

