Յայտարարութիւն
Երէկ ՀՅԴ Տեղեկատու գրասենեակը լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը:
Խստիւ կը դատապարտենք «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի «Թահթա թայիլաթ ալ մասուլիյա» յայտագիրի անձնակազմին նկատմամբ կատարուած յարձակումը:
Կատարուածը կը նկատենք տեղեկատուութիւնը եւ լրատուամիջոցները թիրախ դարձնելու փորձ: Անիկա մերժելի արարք է, որովհետեւ կը սահմանափակէ հանրային ազատութիւնները եւ արտայայտութեան ու կարծիքի ազատութիւնը:
Նաեւ կը յայտարարենք մեր զօրակցութիւնը «Ժատիտ» կայանի անձնակազմին հետ եւ կոչ կ՛ուղղենք պահպանելու ու աշխուժացնելու չորրորդ իշխանութիւնը:
ՀՅԴ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
CATEGORIES Լիբանանեան