Նախագահական Նստավայրէն Հաստատեցին` Սերժ Սարգսեան Պիտի Մեկնի Վիլնիուս
Նախագահական նստավայրին մամլոյ ծառայութենէն հաստատած են, որ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 28 նոյեմբերին երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Լիթուանիոյ Հանրապետութիւն` մասնակցելու Վիլնիուսի մէջ կայանալիք Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան եւ նոյն կուսակցութեան Արեւելեան գործընկերութեան պետութիւններու ղեկավարներու վեհաժողովներուն: Այցելութեան ծիրին մէջ նախատեսուած են հանրապետութեան նախագահի երկկողմանի ձեւաչափով հանդիպումներ:
26 նոյեմբերին Եւրոպական յանձնաժողովը հրապարակած էր հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշած էր, որ Հայաստան Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան Վիլնիուսի վեհաժողովին պիտի մասնակցի նախագահի մակարդակով:
Վեհաժողովին պիտի մասնակցին Ազրպէյճանի, Վրաստանի, Ուքրանիոյ նախագահները, Մոլտաւիոյ վարչապետը եւ Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Արեւելեան գործընկերութեան երրորդ վեհաժողովին պիտի մասնակցին նաեւ եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր յանձնակատար Քեթրին Էշթըն, Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ դրացնութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ եւ առեւտուրի հարցերով յանձնակատար Քարլ տը Կուխթ:
Նշենք, որ այս տարուան յուլիսին Քեթրին Էշթընն ու Շթեֆան Ֆիւլէն պաշտօնապէս յայտարարեցին Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ կնքուելիք Ընկերակցութեան համաձայնագիրի շուրջ երեքուկէս տարի տեւած բանակցութիւններու աւարտը: Նոյեմբերին կ՛ակնկալուէր համաձայնագիրի նախաստորագրութիւնը: Միւս կողմէ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան սեպտեմբերին յայտարարեց, որ Հայաստան որոշած է մաս կազմել Մաքսային միութեան:

