Ակնարկ. «Բարեկամ»-ին Նախապայմանները «Պոտենցիալ (Կարողական) Բարեկամ»-ին

Ararat-closed-620x300-(1)Բոլոր նախադրեալները կը յուշեն, որ Անգարան  կը շարունակէ խաբկանքի գործողութիւններով շղարշել հայ-թրքական յարաբերութիւնները` իբրեւ թէ նոր մեկնարկ ապահովելու այս մարզին մէջ: Խորքին մէջ, Անգարայի նախապայմանային քաղաքականութենէն բան չէ փոխուած: Նախ մէջբերենք թուրք թիւ մէկ դիւանագէտին ծխածածկոյթ յառաջացնելու միտումով կատարուած ուաշինկթընեան յայտարարութիւնը:

«Գործընթացը տակաւին կը շարունակուի, եւ (հայ-թրքական) արձանագրութիւնները կը գտնուին խորհրդարան: Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը ունի երեք ուղղութիւն: Առաջինը  այն է, որ դրացի երկիրները պէտք է յարգալից ըլլան իրար հանդէպ: Երկրորդը կ՛առնչուի Թուրքիոյ ու հայկական սփիւռքի (համայն աշխարհի հայութեան) միջեւ առկայ պատմական հարցերու լուծման, իսկ երրորդը` Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման: Գործընթացը կը պսակուի յաջողութեամբ, եթէ միաժամանակ իրագործուին այս երեք կէտերը: Թուրքիան մեծապես կը ցանկայ կարգաւորել իր յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, ինչ որ նաեւ ներկայիս կը շարունակէ: Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը կ՛առաջնորդուի ոչ թէ «բարեկամ-թշնամի» տարբերակման սկզբունքով, այլ` «բարեկամ-պոտենցիալ (կարողական) բարեկամ» սկզբունքով»:

Հիմա տեսնենք, թէ «պոտենցիալ (կարողական) բարեկամ»-էն ի՞նչ կ՛ակնկալէ «բարեկամը»:

Տարբաղադրենք յայտարարութիւնը այնտեղէն շղարշը հեռացնելու համար եւ տեսնելու` Անգարայի անփոփոխ նախապայմանները:

«Գործընթացը դեռ կը շարունակուի, եւ (հայ-թրքական) արձանագրութիւնները կը գտնուին խորհրդարան»: Այո. իրօք արձանագրութիւնները կրնան յանկարծակի վերադառնալ խորհրդարանի օրակարգ, թէեւ անոնք հանուած էին օրակարգէն, առանց ուղղակի յայտարարութեան, այլ օրակարգային բազմաթիւ չքննարկուած կէտերու հետ, որոնք ժամկէտային հարց ունէին օրակարգի վրայ մնալու համար: Բայց որեւէ բան չի խանգարեր, որ  արձանագրութիւնները վերստին յայտնուին խորհրդարանի օրակարգին վրայ եւ ներկայացուին խորհրդարանական քննարկման: Այս նրբութիւնն է, որ Տաւութօղլուն ուզած է շրջանցել, յարաբերութիւններու ներկայ պատկերին իբրեւ թէ դրական լիցք հաղորդելու քարոզչական մօտեցումով:

«Դրացի երկիրները պէտք է յարգալից ըլլան իրար հանդէպ: Այս պարզ ճշմարտութեամբ կարգախօսը խորքին մէջ կ՛ակնարկէ թրքական թիւ մէկ նախապայմանին: Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է ճանչնայ Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, ինչ որ իր հերթին կը նշանակէ հրաժարում Արեւմտահայաստանի պահանջէն:

Երկրորդը կ՛առնչուի Թուրքիոյ եւ հայկական սփիւռքի (համայն աշխարհի հայութեան) միջեւ առկայ պատմական հարցերու լուծման: Այս մէկը պարզապէս դիւանագիտական լեզուով կը նշանակէ, որ Երեւանը պէտք է դուրս բերէ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման առաջադրանքը արտաքին քաղաքականութեան օրակարգէն: «Պատմական»-ը այստեղ բնականաբար պատահական չէ օգտագործուած: Խնդիրը Անգարայի համար կը շարունակէ մնալ պատմական եւ ոչ իրաւաքաղաքական հարթութեան վրայ, որու լուծման համար պատմագէտներու միացեալ յանձնախումբ  պէտք է:

Եւ երրորդը` Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման: Անգարայի (եւ ի հարկէ Պաքուի) պատկերացուցած խաղաղութիւնը կը հաստատուի, եթէ հայկական զօրքերը հեռանան Արցախի Հանրապետութենէն եւ ազատագրուած տարածքներէն:

«Գործընթացը կը պսակուի յաջողութեամբ, եթէ միաժամանակ իրագործուին այս երեք կէտերը»: Ճիշդ այստեղ է, որ անկեղծացած է Տաւութօղլու: Երեք նախապայմանները պէտք է միաժամանակ կատարէ Երեւանը, որմէ ետք միայն կը կարգաւորուին յարաբերութիւնները:

Այս հարթութեան վրայ պէտք է դիտարկել նաեւ սեւծովեան համաժողովի շրջանակներուն մէջ Տաւութօղլուի Երեւան հաւանական ժամանման խնդիրը: Թէեւ թուրք արտաքին գործոց նախարարը օրինաչափ նկատած էր Երեւանի կողմէ իրեն յղուած հրաւէրը` Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի հանդիպման ընդհանուր պարունակը նկատի ունենալով, այսուհանդերձ յիշեցուցած էր, որ Երեւան կատարելիք այցելութիւնը կը կապուի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպման: Այս մէկը կը խօսի  ենթանախապայմանի մասին:

Պարզ է, որ ծխածածկոյթ կը յառաջացուի Անգարայի կողմէ: Թէ Տաւութօղլուն կու գա՞յ կամ ոչ Երեւան, այդ մէկը արդէն տեղաշարժի առումով հիմնական նշանակութիւն չ՛ունենար: Տեղաշարժի մասին կարելի է խօսիլ նման խաբկանքի գործողութիւններէն հեռու, քուլիսներու ետին ընթացող ռուս-թրքական բանակցութիւններու արդիւնքի հիման վրայ: Ոչ անպայման մեզի համար դրական ակնկալիքով:

«Ա.»

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )