Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր ունեցած գործունէութեան վերաբերեալ նորութիւններ ստեղծելու մասին պիտի մտածէք` կատարելով նոր պրպտումներ: Յաջողելու յոյս ունիք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ունիք հրաւէր մը` անծանօթ շրջանակէ մը: Առանց վարանելու` ներկայ եղէք: Պիտի ունենաք նորութիւններ իմանալու առիթ մը: Պիտի յարգուիք իբրեւ յաջողած անձ մը:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Նոր վիպերգութիւն մը պիտի ծնի ձեր կեանքին մէջ, որ պիտի ունենայ նոր ազդեցութիւն մը` ձեր կեանքին տալով նոր հունաւորում:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Տխուր պահեր պիտի ունենաք առանց պատճառի կամ այլ առիթի մը բացակայութեան: Ձեզի կը թելադրուի քաջութիւն, ինչ ալ ըլլան պատահարները:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Նոր էջ մը պիտի բանաք ձեր կեանքին մէջ, ուրախ տրամադրութեամբ: Դուք ձեզ պիտի զգաք երիտասարդացած եւ զուարթ: Ուրախ ըլլալը յաջողութեան դուռ կը բանայ: Տրտունջը յոռետեսութեան մայրն է, հեռու կեցէք անկէ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պիտի ունենաք մտորումներ` որոշ հարցերու շուրջ համոզուելու: Լսեցէք ձեր ներքին զգացումներուն թելադրանքը, որ ուղղութիւն կու տայ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ուր որ երթաք, ջանացէք ականջ տալ ձեր շուրջիններուն խօսքերուն: Այսօր մտիկ ընելով` կրնաք շատ բան սորվիլ եւ օգտուիլ նոյն ատեն:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պիտի յառաջանաք ինքնավստահութեամբ` անցնելով արգելքներէն: Պիտի յաղթահարէք ամէն տեսակ խոչընդոտ: Օրը քաջալերական է:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Բարեկամներու շրջանակին մէջ պիտի տիրէ համերաշխ մթնոլորտ: Կրնաք համաձայնիլ ստեղծուած տեսակէտներուն` յարգելով անոնց կարծիքը:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ ձեր տաղանդը օգտագործողներ չկան, դուք ըրէք այնպէս, որ ստիպուած ըլլան ընդունելու ձեր իրագործումները: Ինքնավստահ մնացէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եռանդուն էք, եւ ուրիշներ պիտի ուզեն հետեւիլ ձեզի` նոյն ատեն ձեզ առաջնորդելով դէպի նոր ճամբաներ, ուր նոր յոյսեր կը բացուին:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Գիտցէք տարբերութիւն մը դնել ձեր փափաքին եւ ուրիշներու փափաքին միջեւ: Անոնց յարմարածը կրնայ պատշաճ չըլլալ ձեր նախասիրութեան: Հետեւեցէք միայն ձեր նախընտրութեան եւ ոչ ուրիշին:

Share this Article
CATEGORIES