50 Տարի Առաջ (28 Նոյեմբեր 1963)
Խորէն Ա. Կաթողիկոսին Այցելութիւնը
Նոր Մարաշ
Առջի կիրակի, 17 նոյեմբեր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա. իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Նոր Մարաշի հայահոծ ծուխին եւ օծումը կատարեց Ս. Ք. Մանկանց եկեղեցւոյ երեք նորաշէն խորաններուն:
Ժամանակին բաւական ընդարձակ կերպով տուած էինք այս այցելութեան նկարագրութիւնը: Նոր Մարաշի մեր թղթակիցը կը հաղորդէ յաւելեալ մանրամասնութիւններ, զորս կու տանք ստորեւ.-
Արարողութեանց ներկայ էին` պետական երեսփոխան Վարդգէս Շամլեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան քաղաքապետարանի լրիւ կազմով, Սին էլ Ֆիլի քաղաքապետ Հապիպ Հաքիմ եւ փոխ քաղաքապետ Ժորժ Համուշ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետը շատ յուզիչ եւ ներշնչեալ քարոզ մը տուաւ հաւատացեալ բազմութեան: Ստորեւ կու տանք վեհափառի քարոզին ամփոփումը.
«Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին, որ հնարաւորութիւն տուաւ մեզի այս սուրբ խորաններուն օծումը կատարելու: Այս արարողութիւնը պիտի կատարէինք անցեալ տարի: Հոս պիտի գայինք մեր սրտահաղորդ եղբօր եւ հօր` երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսին ընկերակցութեամբ ու իր ներկայութեամբ պիտի կատարէինք օծումը այս սուրբ խորաններուն: Ահա թէ ինչո՛ւ տխուր եւ առանձին զգացի ինքզինքս այսօր: Ան թէեւ հիմա մարմնական աչքերով չի տեսներ մեզ, չկրցաւ ներկայ ըլլալ այս հոգեպարար արարողութեան, բայց ես կը հաւատամ, որ մեր կաթողիկոսը իր բարձունքէն հոգիի աչքերով կը դիտէ մեզ, եւ վստահ եմ, որ իր խաղաղ հոգին կը հրճուի` տեսնելով այս հանդիսութիւնն ու խանդավառութիւնը, տեսնելով մեզ բոլորուած դարաւոր Հայց. առաք. Ս. եկեղեցւոյ շուրջ:
«Այս առթիւ, ինծի համար քաղցր պարտականութիւն կը նկատեմ սրտագին շնորհակալութիւն յայտնելու ձեզի ձեր ցոյց տուած սիրալիր վերաբերմունքին եւ սրտազեղ ընդունելութեան համար:
«Դուք նուիրումի եւ հաւատարմական զգացումներով կապուած կը մնաք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսական Աթոռին, որուն գահակալը ըլլալու պատուին արժանացուց մեզ մեր պատուական ժողովուրդը: Կ՛օրհնեմ բոլորդ եւ իմ անձիս ուղղուած ձեր յարգանքը կը փոխանցեմ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցիին, որուն զաւակներն ենք բոլորս անխտիր:
«Շնորհակալութեան խօսք ունիմ բոլոր անոնց, որոնց օժանդակութեամբ բարեզարդուեցաւ այս եկեղեցին. քահանայ հայրերու, Թաղական խորհուրդին եւ բարեպաշտ ժողովուրդին: Ձեռք ձեռքի դուք ոչ մէկ զոհողութեան առջեւ կանգ առիք յանուն Աստուծոյ տան պայծառութեան եւ լուսաւորումին:
«Շնորհակալութիւն Սողոմոն, Վահրամ, Յարութիւն եւ Յակոբ Քէօրօղլեան եղբայրներուն, որ սիրայօժար ստանձնեցին աւագ խորանին վերակառուցումը` գեղեցիկ եւ մարմարակերտ:
«Շնորհակալութիւն տէր եւ տիկին Յակոբ Օրջանեաններուն, որոնք սիրով ընդառաջեցին մեր խնդրանքին եւ գեղեցիկ մարմարով կառուցին եկեղեցւոյ աջակողմեան խորանը:
«Շնորհակալութիւն Մէյրի Լիւլեճեանին, որ ի յիշատակ իր ամուսնոյն` կանգնեց ձախակողմեան խորանը, նոյնպէս մարմարակերտ:
«Չեմ կրնար շնորհակալութեան խօսքը չուղղել նաեւ Յովհաննէս Գազեզեանին, որ եկեղեցիս օժտեց ամբողջովին մարմարէ եւ շքեղ մկրտութեան աւազանով մը:
«Շնորհակալութեան խօսք ունիմ նաեւ այս բոլոր շինութիւններու ճարտարապետին` Գէորգ Էմմիեանին, որ ամբողջական նուիրումով, զոհաբերութեամբ եւ հաւատքով փարեցաւ գործին եւ թեւ ու թիկունք եղաւ մեզի շինարարական մեր բոլոր գործերուն մէջ»:
Յաւարտ Ս. պատարագին վեհափառը առաջնորդուեցաւ ծանօթ ազգային եւ Ս. Ք. Մանկանց եկեղեցւոյ բարերար Յակոբ Օրջանեանին բնակարանը, ուր հիւրերը առատ ու ընտիր ճաշասեղանով մը հիւրասիրուեցան:
Խօսք առնելով` հայր Սամուէլ յուզումով վերյիշեց հին Մարաշը ու բաղդատեց զայն Նոր Մարաշի հետ, ուր ժողովուրդը հայու ստեղծագործ եւ շինարար հաւատքով կառուցած է իր փառահեղ եկեղեցին, դպրոցն ու իր ընտանեկան բոյնը:
Հ. Սամուէլէն ետք խօսք առաւ վեհափառ հայրապետը եւ յուզուած շեշտով դարձեալ ոգեկոչեց յիշատակը իր սրտակից եղբօր` Զարեհ Ա. կաթողիկոսին, ապա իր շնորհակալութիւնները յայտնեց Նոր Մարաշի բոլոր ազգայիններուն, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ համայն ժողովուրդին: Ապա յիշեց Յակոբ Օրջանեանի առատաձեռն նուիրատուութիւններն ու ծառայութիւնները մեր եկեղեցիին` շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն իր գեղեցիկ հիւրասիրութեան համար:
Թեմիս բարեջան առաջնորդ Տաճատ Ս. արք. Ուրֆալեանին խօսքով ու վեհափառ հայրապետին աղօթքով վերջ գտաւ ճաշկերոյթը:
Հայկական Կեանք
Արձանագործ Զաւէնի
Գործերուն Ցուցահանդէսը
Երեքշաբթի, 26 նոյեմբեր, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Ալեքքօ Սաապ» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ տաղանդաւոր արձանագործ Զաւէն Խտըշեանի գործերուն ցուցահանդէսը: Արուեստասէրներու հոծ բազմութիւն մը փութացած էր` հիացումով դիտելու համար երիտասարդ արձանագործին ստեղծագործութիւնները, որոնք խորապէս գնահատուեցան ներկաներուն կողմէ:
Արուեստի քննադատ Անտրէ Պերքոֆ «Լ՛Օրիան»-ի մէջ իր գրած յօդուածին մէջ դրուատական տողերով արտայայտուած է Զաւէնին ու անոր գործին մասին, որուն գլխաւոր յատկանիշը կը նկատէ նրբութիւնը գիծերուն:
Վստահ ենք, որ Զաւէնին ցուցահանդէսը պիտի հանդիսանայ Պէյրութի գեղարուեստական եղանակի լաւագոյն արտայայտութիւններէն մէկը:

