Մասնագէտներու Կարծիքով. Ե՞րբ Եւ Ինչպէ՞ս Ընտրել Նոր Տարուան Եղեւինը

Պատրաստեց` ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

FamilyPullingCHristmasTreeԵ՞րբ գնել եղեւինը:

Որպէսզի Նոր տարուան օրը եղեւինը գեղեցիկ եւ առողջ տեսք ունենայ, թելադրելի է զայն գնել Նոր տարիէն շուրջ 15 օր առաջ: Եթէ վստահ էք, որ եղեւինը իր արմատներովը ցանուած է թաղարին մէջ, կարելի է աւելի կանուխ ալ գնել:

Ինչպէ՞ս ընտրել:

Գնելու ժամանակ ուշադիր քննեցէք զայն. անոր ասեղնատերեւները պէտք չէ թափթփին, ասիկա վատառողջ եւ չորցող ծառի ազդանշան է: Ձեր ընտրած ծառը պէտք է խիտ ճիւղերով, ձեւաւոր եւ առողջ տեսք ունենայ:

Գնելէ ետք ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս հաստատել:

Եղեւինը գնելէ ետք, անմիջապէս տուն մի՛ մտցնէք, քանի մը օր պատշգամը պահեցէք, քանի որ անիկա կլիմայական մեծ փոփոխութիւններու չի դիմանար:

Տուն մտցնելէ ետք զայն զետեղեցէք զով անկիւն մը եւ կանոնաւոր ջրեցէք, իսկ ասեղնատերեւները զովացուցէք ջուր սրսկելով:

 

Հետաքրքրական.

Մեր Մեծերուն Ամանորը

Աւետիք Իսահակեանի
Ամանորը

13-(1)Մեծ գրագէտը Ամանորը կը համարէր զուտ ընտանեկան տօն, զոր կը դիմաւորէր կնոջն ու երեխաներուն հետ:

Իսկ յունուար 1-ին վարպետին կ՛այցելէին վեհափառը, Մարտիրոս Սարեանը, Սերօ Խանզադեանը, Սիլվա Կապուտիկեանը: Տրուած ըլլալով, որ Իսահակեանը առտու ուշ կ՛արթննար, հիւրերը կու գային կէսօրէ ետք եւ մեծ խնճոյք կը կազմակերպուէր:

Իսկ յունուար 2-ին ան անպայման կ՛այցելէր Յովհաննէս Թումանեանին, շատ կը սիրէր անոնց տունը պատրաստուող վրացական սացիվին:

Վարպետին համար յատկապէս նշանակալից էր 1955 թ. Ամանորը, այդ տարի իր մօտ էին աքսորէն վերադարձած Ալազանը, Գ. Մահարին, Վ. Նորենցը եւ Ս. Կարունցը:

Իսահակեանի թոռան` Աւիկ Իսահակեանի խօսքերով, մեծ հայրը կը սիրէր, որ ամանորեայ սեղանին զուտ հայկական ուտելիքներ հրամցուէին: Ան երբեք Ամանորի գիշերը տունէն դուրս չէր ելլեր: Իսկ Սուրբ Ծնունդի գիշերը կ՛այցելէր Էջմիածին եւ հանդիպում կ՛ունենար ժողովուրդին հետ:

Վարպետին շնորհաւորութեան կու գային նաեւ երկրին ղեկավարները: Ամանորը իսկական ու մեծ տօն էր Ա. Իսահակեանին համար:

 

Նոր Տարուան Նախօրեակին

 Մոմով Յարդարանք

Անցեալին շատ մը ժողովուրդներու մօտ մոմը խորհրդանշած է լոյսին յաղթանակը խաւարին վրայ, ջերմութեանը` ցուրտին:

Քրիստոնեաներուն համար մոմը կը խորհրդանշէ Յիսուսը, որ եկաւ եւ լոյս բերաւ աշխարհին, ինչպէս նաեւ` Բեթղեհեմի աստղը, որ երեք մոգերը առաջնորդեց Յիսուս Մանուկի ծննդեան վայրը:

Մեր օրերուն մոմը դարձած է Կաղանդի յարդարանքի անբաժան մէկ մասնիկը. այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք դիւրին իրագործելի 5 հետաքրքրական յարդարանք:

100496463

100963394

 

 

 

 

 

 

 

 

 

coloured-floating-candles

idee-bricolage

leonardo-pour-noel

 

 

 

 

 

 

 

 

Խոհանոց–Խոհագիր

 Հատիկեղէն

Մեր նախնիներուն ամանորեայ սեղանը կը տարբերէր մերօրեայ տօնական սեղանէն: Ամանորեայ սեղանին վրայ տիրական ներկայութիւն էին հատիկեղէնները` լուբիա, ոսպ, սիսեռ եւ այլն… Հատիկը կը խորհրդանշէր կեանքն ու պտղաբերութիւնը, մահն ու վերածնունդը: Ամանորեայ սեղանին զարդն էր լուբիան` իր բոլոր տարբերակներով: Լուբիան իր պատեանով կը նմանցնէին ընտանիքին, իսկ հատիկը` սաղմն էր:

Ամանորեայ հատիկաւոր կերակուրներէն յիշենք աղանձը, որ զանազան հատիկներու աղանձուած, խարկուած խառնուրդ է: Կարգ մը հայկական գիւղերու մէջ կը պատրաստէին նաեւ կճախաշ կոչուած կերակուրը, որ կճուճի մէջ ամբողջ գիշերը թոնիրի մէջ եփած տարբեր հատիկներու խաշն է: Թոնիրի մէջ կը պատրաստէին նաեւ ամանորեայ «քեաշկ»-ը կամ հարիսան` որպէս նոր սկսուող տարուան երկրագործական աշխատանքներու առատութեան խորհրդանիշ:

Լուբիայով Աղցան

Salade-_HaricotsԲաղադրութիւն

1 գաւաթ լուբիա
1 գլուխ մանրուած սոխ
1 ապուրի դգալ քացախ
1 ապուրի դգալ ձէթ
Մանրուած գինձ
Աղ
Կարմիր եւ սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Լուբիան ամբողջ գիշեր մը թրջել, յաջորդ օրը խաշել, քամոցէ անցընել, փոս ամանի մը մէջ փոխադրել եւ մնացեալ բաղադրիչներուն հետ խառնել: Փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ:

 

Շաբթուան Խօսքը

Նոր Տարի Է Գալիս

Հ. Սահեան

 

HSahianՆոր տարի է գալիս: Ուզում եմ շնորհաւորանքի խօսքեր գտնել իմ ազգի բոլոր մեծերի ու փոքրերի համար:

Ուզում եմ ետ նայել, ետ գնալ, վերապրել անցածը, մէկ տարուան անցածը: Ուզում եմ շնորհակալութեան ու շնորհաւորանքի խօսքեր գտնել իմ ժողովրդի փետրուարեան խիստ խելօք ընդվզումների համար, դարաւոր ստրկութեան վախից ձերբազատուելու նրա աստեղային ժամի համար, իր ինքնաճանաչման գիտակցութիւնը դարի ճակատին արձանագրելու համար, իր երթաշէն վաստակի եւ երթանուէր ոգու համար, կորցրածը ետ բերելու իր առաջին յանդուգն փորձի համար: Մենք տոկալու ու ապրելու ենք, քանի աշխարհը կայ, քանի աշխարհում մարդկութիւն կայ եւ մարդկութեան մէջ` մարդկայնութիւն:

Այս հաւատով էլ ոտք դնենք Նոր տարուան շեմին եւ բոլորին մաղթենք` շնորհաւո՛ր Նոր տարի:

1988, դեկտ. 31

 

Նոր տարի է գալիս: Ոչ մի օրհաս, ոչ մի հոգեվարք, ոչ մի կործանում. մենք նոր ենք կայանում որպէս ազգ ու պետութիւն, այդ կայանալու կենացը մաղթենք:

1992, դեկտ. 30

Share this Article
CATEGORIES