ՀՄԸՄ «Պէյրութ»-ի Մասնաճիւղի Արծուիկներու Անակնկալը Իրենց Ծնողներուն

74902Կա՞յ աւելի գեղեցիկ, առաքինի եւ հպարտութիւն պատճառող արարք քան այն, որ միութեան անդամներ սկաուտական տարեշրջանի վերամուտին, իրենց պատասխանատուներուն աջակցութեամբ, միութենավայել աշխատանքով մը հանդէս կու գան եւ ծնողներուն կը հրաւիրեն կահաւորուած եւ նորոգուած իրենց սենեակի բացման հանդիսութեան:

Վայրը` ՀՄԸՄ «Պէյրութ»¬ի ակումբ. թուական` շաբաթ, 16  նոյեմբեր, 2013:

Թէեւ գողտրիկ հաւաք մըն էր, որուն հրաւիրուած էին ծնողներ, սակայն իր խորհուրդով եւ իմաստով մեծ նշանակութիւն կը զգենուր` յայտնապէս այս օրերուն:

Արծուիկներու պատասխանատուները, ողջունելի մտածումն են ունեցեր հիմնովին նորոգութեան ենթարկելու իրենց յանձնուած սենեակը, զարդարելու ձեռային աշխատանքներով եւ ծնողներուն ծանօթացնելու այն վայրը, ուր շաբաթական հերթականութեամբ անոնք կը հաւաքուին եւ իրենց ընթացիկ աշխատանքները կը կատարեն:

Պէտք է ըսել, որ, ծնողներ յաճախ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն ոչ միայն սկաուտական կեանքի դաստիարակչական մանրամասնութիւններու, այլ նաեւ բոլոր այն երեւոյթներուն նկատմամբ, որոնք մաս կը կազմեն իրենց զաւակներու առօրեային, միջավայրին, մթնոլորտին ու առհասարակ` ստեղծագործ աշխատանքներուն:

Փաստօրէն, արծուիկներու պատասխանատուները բարի են մտածեր նման աշխատանքի նախաձեռնութեամբ` ծնողներուն  ուշադրութեան յանձնելու էական երեւոյթ մը, թէ հոգեմտաւոր դաստիարակութեան առընթեր մեծապէս շինիչ եւ օգտակար են հաւաքավայրի մաքրութիւնն ու կոկիկ սենեակ մը ունենալու կարեւորութիւնը:

Ոգեւորիչ անակնկալ մըն էր նաեւ գեղարուեստական յայտագիրը, որուն ընթացքին արծուիկները իրենց երգով, պարով կանչով եւ նուագով խանդավառեցին ներկայ ծնողները, որոնց դէմքերուն վրայ անպակաս էր ուրախութեան եւ հպարտութեան արտայայտութիւնները:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին ծնողներուն բաժնուեցան այս առիթով պատրաստուած յատուկ ձեռային աշխատանքներ:

Բոլորին վարձքը կատար:

                                                          ԾՆՈՂՔ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )