«Էն. Պի. Էյ.». Հիթ Արձանագրեց Իր 7-րդ Յաջորդական Յաղթանակը` Շնորհիւ Ճէյմսի

Լեպրըն Ճէյմզ (ձախին)
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան 9 մրցումներ:
Շնորհիւ Լեպրըն Ճէյմսի ցուցաբերած խաղարկութեան, Մայեմի Հիթ արձանագրեց իր 7-րդ յաջորդական յաղթանակը` 107-92 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ֆէոնիքս Սանզը: Ճէյմս նշանակեց 35 կէտ, իսկ անոր խմբակից Տուայն Ուէյտ` 21 կէտ եւ 12 էսիսթ:
Շարունակելով իրենց յառաջխաղացքը` Ինտիանա Փէյսըրզ, Սան Անթոնիօ Սփըրզ եւ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ արձանագրեցին իրենց 13-րդ յաղթանակը:
Եութա Ճեզ յաջողեցաւ արձանագրել տարեշրջանի իր 2-րդ յաղթանակը` երկարաձգման ընթացքին 89-83 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Շիքակօ Պուլզը: Նշենք, որ Ճեզի նման ցարդ միայն երկու յաղթանակ արձանագրած է Միլուոքի Պաքս:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
| Պոսթըն Սելթիքս – Շարլոթ Հոռնեթց | 96-86 |
| Ինտիանա Փէյսըրզ – Մինեսոթա Վուլվզ | 98-84 |
| Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Միլուոքի Պաքս | 113-94 |
| Մայեմի Հիթ – Ֆէոնիքս Սանզ | 107-92 |
| Հիուսթըն Ռոքեթց – Մեմֆիս Կրիզլիզ | 93-86 |
| Տենվըր Նակեթց – Տալաս Մավըրիքս | 110-96 |
| Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Նիւ Օրլինզ | 112-93 |
| Եութա Ճեզ – Շիքակօ Պուլզ | 89-83 |
| Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Նիւ Եորք Նիքս | 102-91 |
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Պրուքլին Նեթց
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Աթլանթա Հոքս – Օրլանտօ Մեճիք
Նիւ Օրլինզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ

