«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմինը Կրկին Կը Դիմէ Լիբանանահայութեան` «Դէպի Արցախ» Կարգախօսով

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

DSC08747Telethon-LogoՎերջին երկու տասնամեակներուն, ամէն տարեվերջին, համայն հայութիւնը կ՛անսայ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի դրամահաւաքի կոչին եւ կու գայ փաստելու իր մէկութիւնը` իւրաքանչիւրը իր չափով մասնակից դառնալով հիմնադրամի տուեալ տարուան յայտարարած ազգօգուտ ծրագիրի իրականացման:

Նոյնն է նաեւ այս տարի, արդէն իսկ դրամահաւաքի արշաւը ընթացք առած է` «Դէպի Արցախ. ազգովին կառուցենք Վարդենիս-Մարտակերտ» մայրուղին» կարգախօսով:

Վաղը` 28 նոյեմբերին լիբանանահայութիւնը ժամադրուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինին կազմակերպած ռատիոթոնին հետ:  Յատկանշական է հիմնադրամի գործունէութեան բացայայտ, թափանցիկ բնոյթը. իւրաքանչիւր հայ ազատօրէն կրնայ  այցելել Հայաստան թէ Արցախ ու մօտէն տեսնել, թէ իր նուիրած «լումայ»-ով ինչե՜ր իրագործուած են:

Հիմնադրամը նաեւ չի զլանար ամէն առիթի համայն հայութեան ներկայացնելու անոր ներդրումներով  ծնունդ առած ծրագիրները, իրագործումները, որոնք ընդհանրապէս մեծ կարեւորութիւն ունին:

Արդ, լիբանանահայութիւնը վաղը անգամ մը եւս կոչուած է փաստելու հայութեան սրտի կարեւոր երակներէն մէկը ըլլալու իր հանգամանքը եւ մասնակից դառնալու ռատիոթոնին:

 2013-ի նշեալ ռատիոթոնին առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինի ատենապետ Սագօ Արմէնեանին եւ մարմինի անդամ Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեանին հետ:

Ստորեւ` հարցազրոյցին հիմնական մասերը:

*  *  *

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Խնդրեմ յիշեցնենք  մեր ընթերցողներուն, թէ ի՛նչ պայմաններու տակ հիմնուած է այս մարմինը եւ ցարդ ի՞նչ իրագործած է:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- 1988-ի երկրաշարժին ու արցախեան գոյամարտի ընթացքին Հայաստանի շրջափակման իբրեւ հետեւանք ծագած հարցերը հիմնական պատճառներ էին, որ 1992-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագրով կը հիմնուի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, որ ունի իր յատուկ ծրագիր-կանոնագիրը, Հոգաբարձուներու խորհուրդը եւ որուն կը մասնակցին Էջմիածնի Ամենայն հայոց թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողքին, սփիւռքահայ գրեթէ բոլոր օճախներու ներկայացուցիչներ: Սկզբնական շրջանին, առաւելաբար Հայաստանի մէջ շինարարական, կառուցողական թէ այլ ծրագիրներ կը գործադրուէին, իսկ վերջին շրջանին գլխաւորաբար թիրախը Արցախի բարգաւաճումն ու ծաղկումն է: Հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը 1992-էն ի վեր կը գործէ Լիբանանի մէջ, որոշ ընդհատումներով: Ներկայ կազմը 2005-էն ի վեր կը գործէ կանոնաւոր կերպով, մասնակցութեամբ գաղութի կուսակցական, յարանուանական, բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ մարմինի հաւանութեամբ ընտրուած անհատ ազգայիններու: Նշենք, որ վերջին շրջանին աւելցաւ հաշուական յատուկ դրութիւնը (monitoring), որ մօտէն կը հետեւի հիմնադրամի հաշուական, ելեւմտական գործունէութեան, մեծապէս թափանցիկ դարձնելով այդ մարզի աշխատանքները: Իրագործումներուն մասին, ինչպէս օրին մամուլով տեղեկացուած է, ցարդ կատարուած են Հայաստանի թէ Արցախի ու առհասարակ հայութեան ի նպաստ զանազան մարզերու իրագործումներ, ինչպէս`

Tebi-Artsakh1– Հայաստանի երկրաշարժի աղէտեալ գօտիին մէջ բնակելի շէնքերու կառուցում.

– Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիի կառուցում (1999-2004).

– Արարատեան մարզի Մարմարաշէն գիւղի նոր թաղամասի ջրամատակարարում (2005).

– Արցախի Մարտակերտ մարզի Մատաղիս գիւղի մանկապարտէզի նորոգութիւն եւ կահաւորում (2007).

– Տաւուշի մարզի Նոյեմբերեանի հիւանդանոցի ամբողջական նորոգութիւն (2008).

– Շուշիի Մեծ Շէն գիւղի համայնքային կեդրոնի կառուցում (2009).

– Սիւնիքի մարզի Գորիս քաղաքի «Զանգեզուր» սրտաբանական կեդրոնի կառուցում (2009).

– Արցախի Մարտունի մարզի Սարգսաշէն գիւղի ջրամատակարարում (2010).

– Աշան գիւղի ջրամատակարարման ծրագիր (2011).

– Սուրիահայութեան նիւթական նպաստ, Արցախի Ասկերանի մարզի Խաչմաչ գիւղի համայնքային կեդրոնի կառուցման մասնակցութիւն  եւ լիբանանահայ ուսումնական հաստատութիւններու  կրթանպաստ (2012).

Հ.-  Ցարդ գլխաւոր ի՞նչ թիրախներ իրագործած էք: Բոլորն ալ նո՞յն բնոյթի, օրինակ` շինարարակա՞ն  ծրագիրներ են:

Պ.- Ո՛չ, ինչպէս նշեցինք, գործունէութիւնը կ՛ընդգրկէ շինարարական, բարգաւաճումի, ընկերային-բարեսիրական, կրթական եւ այլ մարզերու առնչուող ծրագիրներու նիւթական յատկացում: Որպէս «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմին` մեր կարգին կ՛որդեգրենք վերոնշեալ ծրագիրները եւ ռատիոթոնի միջոցով  հաւաքած մեր գումարին 85 առ հարիւրը կը յատկացնենք նշեալ ծրագիրներու գործադրութեան:

Tebi-Artsakh2Հ.-  Այս տարի ի՞նչ է ձեր թիրախն ու կարգախօսը:

Պ.- Այս տարի «Բոլորս դէպի Արցախ» կարգախօսով պիտի մասնակցինք «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին յայտարարած «Վարդենիս-Մարտակերտ» մայրուղիի կառուցման, որուն իրագործումը Հայաստանը Արցախին միացնող իբրեւ երկրորդ մայրուղի` մեծապէս պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ երթեւեկի դիւրացման:

Հ.-  Կրնա՞ք մանրամասնել ձեր գործունէութիւնը, օրինակ` ինչպէ՞ս կը հայթայթէք ու կ՛օգտագործէք հաւաքուած հասոյթը:

Պ.- Մեր գործունէութիւնը հիմնականին մէջ նկատի ունի հիմնադրամէն մեզի փոխանցուած առաջարկներու գործադրութիւնը, որուն մենք կը նպաստենք ռատիոթոնի եւ լիբանանահայ կրթական զանազան հաստատութիւններուն մեր յղած դիմումներուն  միջոցով, մեր հաւաքած գումարին 85 առ հարիւր համեմատութիւնը հիմնադրամին յատկացնելով: Մնացեալ գումարով կը նպաստենք գաղութի կարիքներուն: Օրինակ, 2012-ին լիբանանահայ վարժարաններուն եւ Հայկազեան համալսարանին յատկացուցինք 28 հազար ամերիկեան տոլարի կրթանպաստ: Նմանապէս 100 հազար տոլար` սուրիահայութեան:

Հ.-  Ներհայկական թէ արտաքին որեւէ դժուարութիւն կը դիմագրաւէ՞ք:

Պ.- Հիմնական դժուարութիւն` ոչ: Բայց երբեմն կը պատահի, որ տրուած խոստումները  ուշանան կամ երբեք չհատուցուին: Փափաքելի է, որ մեր ժողովուրդի զաւակները գիտակցին եւ իրենց կատարած նուիրատուութիւններու խոստումներուն վճարումները ժամանակին կատարեն: Կարգ մը գաղութներու պարագային, օրինակ, կան անհատներ, որոնք միլիոններով ներդրում կը կատարեն կամ` իրենց հարստութիւնը  իբրեւ մեծագումար ժառանգ, կտակ կը ձգեն հիմնադրամին կամ տուեալ գաղութի մը գործադիր մարմինին: Մեր պարագային, չկան նման կտակներ: Բարեբախտաբար, սակայն,  համերաշխ գործունէութեամբ կրնանք յաղթահարել որեւէ արգելք կամ դժուարութիւն:

Հ.-  2015-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ որեւէ ծրագիր ի մտի ունի՞ք:

Պ.- Ծանօթ է, որ այս գծով երկու վեհափառները միասնաբար խորհրդակցեցան ու յայտարարեցին իրենց որոշումները, եւ մենք, իբրեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի լիբանանեան ճիւղը, կը գործադրենք այն, ինչ որ առաջարկուի մեզի:

Հ.- Ի՞նչ կ՛ակնկալէք լիբանանահայութենէն, ի՞նչ խօսք ունիք ըսելիք այս առիթով:

Պ.- Վստահ ենք, որ այս տարի եւս լիբանանահայութիւնը պիտի ընդառաջէ մեր դիմումին եւ խորապէս շնորհակալ ենք:  Արդէն գաղութի ազգայիններէն մենք կը հաւաքենք նուիրատուութիւններու փոքր գումարները, իսկ մնացեալին գծով պէտք է յիշենք ու երախտագիտութեամբ արձանագրենք, որ տարիներու ընթացքին մենք ունեցանք անհատ նուիրատուներու ցանկ մը, որոնք չեն սպասեր ռատիոթոնին եւ յատուկ հեռաձայններով արդէն կը կատարեն իրենց մեծագումար ներդրումը: Այս իմաստով գնահատելի է, օրինակ, Այնճարի պարագան, որուն ազգայինները որքան գումար որ խոստանան, երկու-երեք ամիսներու  ընթացքին կը հաւաքեն ու հարիւր առ հարիւր համեմատութեամբ կ՛իրագործեն, կը հատուցեն իրենց խոստումը: Լիբանանահայութիւնը լաւ կը յիշէ, շուրջ քսան տարի առաջ համայն հայութեան ջանքերով կառուցուած  Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիին համար կատարուած դրամահաւաքը, որովհետեւ այդ իրագործման մէջ մեծ ներդրում ունէր լիբանանահայ գաղութը, որ միշտ նեցուկ կանգնած է նման ծրագիրներու` հաւատալով  անոնց կարեւորութեան: Լիայոյս ենք, որ մեր ժողովուրդին զաւակները, ազգային խոր գիտակցութեամբ, այս անգամ եւս կը մասնակցին հայրենի Արցախի բարգաւաճման ձգտող այս խիստ կենսական ծրագիրի իրագործման:

 

Դրամահաւաք 2013` «Դէպի Արցախ»
«Վարդենիս-Մարտակերտ» Մայրուղիի Կառուցում

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 2013-ի դրամահաւաքը պիտի յատկացուի Հայաստանը Արցախին կապող «Վարդենիս-Մարտակերտ» մայրուղիի կառուցման: Հիմնադրամի գործունէութեան ընթացքին համահայկական ջանքերով կառուցուած երրորդ մեծ մայրուղին է այս ճանապարհը (շուրջ 116 քմ), որուն կառուցումն ու բարեկարգումը մեծ խթան կը հանդիսանայ մեր երկու հանրապետութիւններու ընկերատնտեսական կեանքի զարգացման համար: Այսօր դժուար է թերագնահատել իրերայաջորդ «Գորիս-Ստեփանակերտ» եւ «Հիւսիս-Հարաւ» մայրուղիներու կարեւորութիւնն ու ազդեցութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսութեան եւ ժողովուրդի կենսամակարդակին վրայ: Այս մայրուղիները Հիմնադրամին առիթ ընձեռեցին արդիւնաւէտ ձեւով եւ աւելի կարճ ժամանակի ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ կեանքի կոչել կարեւոր ենթակառոյցներ: Այս ճամբաներու միջոցով կառուցուեցան եւ վերակառուցուեցան դպրոցներ, բժշկական կեդրոններ, ջրամատակարարման եւ կազամատակարարման համակարգեր, մշակութային հաստատութիւններ եւ այլն:

«Վարդենիս-Մարտակերտ» ճանապարհը արդէն իսկ անհրաժեշտութիւն դարձած այլընտրանքային ճամբայ է, որ ուղիղ կապ կը հաստատէ Հայաստանի եւ Արցախի հիւսիսային շրջաններուն միջեւ` զգալիօրէն կրճատելով այն տարածութիւնը, որ այսօր կ՛անցնի «Գորիս-Ստեփանակերտ» մայրուղիով: Ճանապարհի օգտագործումը կ՛աշխուժացնէ գիւղերու միջեւ կապը (որ մինչեւ օրս կարելի է միայն Բերձորի միջոցով), ինչպէս նաեւ նոր խթան կը հանդիսանայ յարակից համայնքներու բնակչութեան կեանքի պայմաններու բարելաւման:

Ճանապարհի բարեկարգումը կ՛ենթադրէ ո՛չ միայն կուպրապատում, այլ նաեւ ճանապարհաշինութեան շարք մը չափորոշիչներու ապահովում` ներառեալ ճանապարհի ջրահեռացման, ձիւնապաշտպան միջոցներու, արգելափակոցներու ապահովում: Ճամբուն վրայ որոշ տեղեր յառաջացած սողանքային երեւոյթներու եւ հաւանական հետեւանքներու կանխարգիլումը եւս խիստ կարեւոր է ճանապարհի անվտանգ օգտագործումը իրականացնելու համար, եւ այդ նպատակով ճամբու որոշ հատուածներուն վրայ կը կառուցուին յենապատեր, ափապաշտպան կառոյցներ, կը կատարուին քարաթափման աշխատանքներ: Կառուցման աշխատանքներու աւարտէն ետք ճանապարհը կը նշագծուի եւ կը սարքաւորուի համապատասխան նշաններով: Կառուցուող ճանապարհի վրայ անհրաժեշտ է վերանորոգել 16 կամուրջ:

Ճանապարհի կառուցումը եւ ինքնաշարժներու մշտական երթեւեկը իր ուղղակի ազդեցութիւնը կ՛ունենայ ճանապարհէն մինչեւ երկու տասնեակ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ տարածուող գիւղերու բնակիչներու ընկերատնտեսական կեանքին վրայ: Ճանապարհի մինչեւ 2-3 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող գիւղերն են Տրմպոնը, Կոճողուտը, Վերին Հոռաթաղը, Վաղուհասը, Հաթերքը, Գետաւանը, Չափարը, Խնկաւանը, Չարեքթարը, Նոր Էրքէջը, Դադիվանքը, Նոր Գետաշէնը, Քնարաւանը, Եղեգնուտը: Այս ճանապարհէն օգտուող գիւղերէն կ՛ըլլան նաեւ 5 քմ եւ աւելի հեռաւորութեան վրայ գտնուող գիւղերը, որոնց շարքին են Նոր Ղարաչինար, Հարութագոմեր, Զարդախաչ, Համշակ, Չափնի, Չինաւան, Նոր Խարխապուր, Շիկքար, Նոր Բրաջուր, Եղցին, Զովք, Նոր Վերնաշէն, Մշենի, Նոր Մանաշիտ գիւղերը, ինչպէս նաեւ Քարվաճառի շրջկեդրոնը:

 

Դրամահաւաքի Կեդրոններ

Պուրճ Համուտ
«Վանայ Ձայն», Շաղզոյեան կեդրոն. 01-267657/01-241199

Համազգայինի գրախանութ, Շաղզոյեան կեդրոն. 01-241263/01-241264
ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն. 01-265359/01-253793

Պէյրութ`
Հայկազեան համալսարան. 01-349230

Ժըմմայզի`
Թէքէեան մշակութային կեդրոն. 01-566709

Մար Մըխայէլ`
«Արարատ» օրաթերթի խմբագրատուն. 01-565599

Զալքա`
Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւն. 04-710736/04-710737

Տըպպայէ`
ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոն. 04-523043

Այնճար`
Սարգիս Զէյթլեան կեդրոն. 08-620319

 

 

Share this Article
CATEGORIES