«Կոչ Կ՛ուղղեմ Հայութեան` Մէկ Մարդու Պէս Մասնակցելու Այս Ծրագիրին» Ըսաւ Նախարար Շահրամանեան
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան վերջերս Լիբանան տուած իր այցելութեան ընթացքին զրուցելով «Ազդակ»-ին հետ անդրադարձաւ նաեւ այս տարուան ռատիոթոնին եւ ճշդուած ծրագիրին կարեւորութեան:
Ան ըսաւ. «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի այս տարուան Ռատիոթոնը նուիրուած է Վարդենիս-Մարտակերտ ինքնաշարժերու ճամբու կառուցման: Նշենք, որ այդ ճանապարհը Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիէն ետք, մեր հանրապետութիւնը մայր Հայաստանին կապող երկրորդ ճամբան է եւ ունի վերջինէն ոչ պակաս ռազմավարական նշանակութիւն: Այդ ճամբայէն հիմնականին մէջ պիտի օգտուին Հայաստանի Հանրապետութեան Մարտունիի շրջանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Շահումեանի ու Մարտակերտի շրջանի բնակիչները` ուղեւորներու եւ բեռներու փոխադրումներու համար: Անիկա այս շրջաններու բնակիչներուն համար աւելի կարճ ու մատչելի է: Ճանապարհը 114 քիլոմեթր երկարութեամբ է: Կը նախատեսենք բոլոր պայմանները ստեղծել, որովհետեւ այդ ճանապարհի մէկ մասը կ՛անցնի գետի ափով, եւ այդտեղ մենք պիտի նախատեսենք պաշտպանութեան միջոցառումներ:


«Մէկ խօսքով` նախագիծերը արդէն աւարտած են եւ Հայաստան համահայկական հիմնադրամը այս տարի կը յայտարարէ մրցոյթը, որը շահող ընկերութիւնները կը սկսին իրենց աշխատանքներուն: Մեր կողմէ պիտի ըլլայ խիստ վերահսկողութիւն ո՛չ միայն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի մասնագէտներու, այլ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քաղաքաշինութեան նախարարութեան մասնագէտներու կողմէ: Միւս կողմէ այդ աշխատանքին յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահը, եւ ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի այդ ճամբան կառուցուի բնական որակով եւ ծառայէ երկար տարիներ: Աշխատանքը մեր կողմէ մեծ ուշադրութեան պիտի արժանանայ:
«Օգտուելով առիթէն` ես կոչ կ՛ուղղեմ սփիւռքի, Արցախի եւ Հայաստանի ամբողջ հայութեան` մէկ մարդու պէս մասնակցելու այս ծրագիրին, որ մեր երկու պետութիւններու զարգացման խթան պիտի հանդիսանայ, առանց մոռնալու մեր հանրապետութեան համար անոր ունեցած ռազմական նշանակութիւնը»:

