Շիրակ Գիւմրի Կը Համագործակցի Ասիոյ Լաւագոյն Ակումբներէն Մէկուն Հետ

kyumriԻր լուրը քաղելով Շիրակի մամլոյ ծառայութեան հրապարակած մէկ հաղորդագրութենէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Շիրակ Գիւմրի ֆութպոլի ակումբը այսուհետեւ կը համագործակցի Իրանի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող Փերսեփոլիս ակումբին հետ:

Համագործակցութեան վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուեցան երկու ակումբներու ղեկավարներուն` Շիրակի նախագահ Արման Սահակեանի եւ իրանեան կազմի նախագահ Մոհամետ Ռույանեանի միջեւ քանի մը օր առաջ Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք:

Ըստ կնքուած համաձայնագիրին, երկու ակումբները իրարու հետ պիտի կատարեն բարեկամական մրցումներ, ֆութպոլիստներու փոխանակումներ եւ պիտի համագործակցին մանկապատանեկան մարզադպրոցներու զարգացման ուղղութեամբ:

Փերսեփոլիս Իրանի ամէնէն շատ տիտղոսներու տիրացած խումբն է, որ 9 անգամ նուաճած է այդ երկրի ախոյեանի եւ 5 անգամ` բաժակի տիտղոսներուն: Անիկա կը նկատուի նաեւ Ասիոյ ամէնէն հեղինակաւոր խումբերէն մէկը: Ներկայիս անիկա կը գլխաւորէ Իրանի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը:

ArmSport.am կ՛եզրափակէ ըսելով, որ Փերսեփոլիս նմանատիպ համագործակցութիւն ունի նաեւ 5 ակումբներու հետ: Անոնք են` Ռէալ Մատրիտ (Սպանիա), Ա. Սէ. Միլան (Իտալիա), Ռուպին Քազան (Ռուսիա), Սան Փաուլօ (Պրազիլ) եւ Պէյրա Մար (Փորթուգալ):

Share this Article
CATEGORIES