Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Հրապարակուեցաւ Բաժակի 1-16-րդ Հանգրուանի Մրցումներուն Յայտագիրը

lebanese-football-federationԻր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները, հրապարակեց այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը:

Ֆետերասիոնը հրապարակեց նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը: Մրցումները տեղի պիտի ունենան 10-12 յունուար 2014-ին:

Սաժեսի պատասխանատուներէն Ֆուատ Հիժազի, երկու ամիսով կախակայուեցաւ` իրաւարարին հայհոյած ըլլալուն համար:

Կրտսերներու ֆութպոլի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Թատամոն Սուրի դէմ եօթը մարզիկէն պակաս դաշտ ներկայացած ըլլալուն համար, Սաժեսի պարտուած հռչակուելէն բացի անկէ խլուեցաւ վեց կէտ:

Ինչ կը վերաբերի ֆութսալին գծով սահմանուած պատիժներուն, Պէյրութի դրամատան մարզիկներէն Եասեր Սըլման մէկ տարիով կախակայուեցաւ` իրաւարարին հարուածած ըլլալուն համար:

Ստորեւ կու տանք այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.

Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 8-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

ՈՒՐԲԱԹ, 29 ՆՈՅԵՄԲԵՐ    ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Ռասինկ – Իժթիմահի 2:15 Սաֆա
ՇԱԲԱԹ, 30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
Ահտ – Մապարրա 2:15 Ահտ
Սաֆա – ԹրիփոլիԿԻՐԱԿԻ, 1 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 3:30 Մարզական Աւան
Ախա Ահլի Ալէյ – Սալամ Զղարթա 2:15 Սաֆա
Թատամոն Սուր – Անսար 2:15 Սուր
Նըժմէ – Շապապ Սահել 3:30 Սայտա

Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 8-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

ՈՒՐԲԱԹ, 29 ՆՈՅԵՄԲԵՐ       ԺԱՄ   ԴԱՇՏ
Ահլի Սայտա – Շեպիպեթ Մազրաա 2:15 Սայտա
Թատամոն Պէյրութ – Շապապ Ղազիէ 2:15 Ահտ
Ռիատա Ուալ Ատապ – Հարաքեթ Շապապ 2:15 Զղարթա
ՇԱԲԱԹ, 30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
Նահտա Պար Էլիաս – Ահլի Նապաթիէ 2:15 Սաֆա
Նեպի Շիթ – Սաժես 2:15 Նեպի Շիթ
ԿԻՐԱԿԻ, 1 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
Խըյուլ – Շապապ Թրիփոլի 2:15 Նըժմէ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ.
1-16-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

ՈՒՐԲԱԹ, 10 ՅՈՒՆՈՒԱՐ, 2014  ԺԱՄ   ԴԱՇՏ
Թրիփոլի – Ահլի Սայտա 1:30 Սաֆա
ՇԱԲԱԹ, 11 ՅՈՒՆՈՒԱՐ- 2014
Մապարրա – Ախա Ահլի Ալէյ 1:30 Ահտ
Անսար – Թատամոն Պէյրութ 1:30 Սաֆա
Նըժմէ – Իժթիմահի 3:30 Մարզական Աւան
ԿԻՐԱԿԻ, 12 ՅՈՒՆՈՒԱՐ- 2014
Սալամ Զղարթա – Նեպի Շիթ 1:30 Ահտ
Թատամոն Սուր – Ռասինկ 1:30 Քֆարժոզ
Շապապ Ղազիէ – Ահտ 1:30 Սաֆա
Սաֆա – Շապապ Սահել 3:30 Պէյրութ
Share this Article
CATEGORIES