Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը. «Հայերն Ալ Թուրքերը Ջարդած Էին» Ըսելով…
ՕՐԱԼ ՉԱԼԸՇԼԱՐ
Իսլամացուած հայերու համագումարին ընթացքին իմ լսած կարգ մը պատմութիւնները ներկայացուցած էի անցեալ շաբթուան յօդուածիս մէջ (թարգմանութիւնը «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսած է ուրբաթ, 22 նոյեմբերին, «Հայ դատ»-ի էջով – Ա.): Այդ գրութեանս պատճառով ստացած նամակներուս շարքին էր Վահիտ Էրտեմի հետեւեալ նամակը, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն երկու շրջան երեսփոխան եղած էր:
«Յարգելի Օրալ,
Կարգ մը օտար պարկեշտ պատմաբաններ ձեզմէ շատ աւելի արդարամիտ են այս խնդիրին մէջ: Անցեալ շաբաթ Էրզրում կը գտնուէի, երանի թէ քիչ մըն ալ մատիտ շարժէիք հայերուն կողմէ հոն գործադրուած վայրագութիւններուն մասին: Երանի թէ պատահած չըլլային, եւ սակայն ձեւով մը այս ողբերգութիւնը սկսեր է եւ փոխադարձ կոտորածներու պատճառ դարձեր: Ըստ երեւոյթին, դուք ընդունած էք «ցեղասպանութեան» թեզը, որ քաղաքականօրէն պարտադրելու կը ջանան, որ սակայն գիտականօրէն համաձայնութիւն չէ ապահոված: Թրքութեան դէմ թշնամութեան այս ալիքն ալ օր մը վերջ պիտի գտնէ»:
Շատ մը ընթերցողներ ալ իրենց նամակներուն մէջ յայտնած էին հետեւեալը. «Հայերն ալ թուրքերը սպաննեցին, ա՛յս ալ նկատի առէք»:
1915-ի տեղահանութեան ժամանակ օսմանեան խորհրդարանին մէջ Պոլսոյ երեսփոխան` Գրիգոր Զոհրապին պատմութիւնը գրած Նեսիմ Օվատիա Իսրայէլ մեր դէմն է աւելի համապարփակ գիրքով մը` «Ապրիլ 24, 1915, Իսթանպուլ, Չանգըրը, Այաշ, Անգարա» («Իլեթիշիմ» հրատարակչութիւն): Գիրքը կը պատմէ այն 250 հայ մտաւորականներու վախճանին մասին, որոնք 1915-ի ապրիլի 24-ին ձերբակալուած էին Պոլսոյ իրենց տուներէն: Երեսփոխան, փաստաբան, ճարտարապետ, երաժշտագէտ, բանաստեղծ, լրագրող, գործարանատէր եւ առեւտրական էին անոնք եւ` քաղաքին երեւելի հայերը: Իբրեւ քաղաքային բանտարկեալներ` կը ճամբուին դէպի Անգարա, Այաշի եւ Չանգըրըի բանտերը. յետոյ խումբ առ խումբ կը հանուին դէպի մահուան ճանապարհ: Իրականութեան մէջ անոնք սպաննուած էին անտառոտ եւ լեռնային ու ամայի վայրերու մէջ` Իթթիհատ եւ թերաքքըի ենթակայ «Թեշքիլաթը մահսուսէ»-ի հրոսախումբերուն կողմէ. նախ մերկացուցած եւ անոնց վրայ գտնուող արժէքաւոր իրերը բռնագրաւած էին, ապա` ամենադաժան պայմաններով սպաննած:
Ըստ Օվատիայի հաշուարկումներուն, 250 հայ մտաւորականներէն 174-ը կը սպաննուին մութ ճամբաներու մէջ, իսկ մնացեալ 76-ը կը փրկուին հակառակ ամէն ինչի:
ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿ
Ասոնցմէ մէկն է Ռուբէն Սեւակ, նշանաւոր հայ բանաստեղծ եւ բժիշկ: Ան Լոզանի մէջ կ՛ուսանի բժշկութիւն, կ՛ամուսնանայ հարուստ գերմանացի ընտանիքի մը աղջկան հետ, 1914-ին կը վերադառնայ Պոլիս` գործադրելու բժշկական իր ասպարէզը. ո՛չ մէկ կուսակցութեան կը պատկանի, պարզապէս արդի «օսմանցի» մըն է. միեւնոյն ժամանակ բարեկամութիւններ ունի Իթթիհատ եւ թերաքքըի երեւելի անձնաւորութիւններուն հետ: Հակառակ կնոջը գերմանահպատակ ըլլալուն` կը ճամբուի դէպի Չանգըրը: Զինք փրկելու համար ազդարարագիրներ կ՛առաքուին, նոյնիսկ հրաման կ՛ելլէ, որ «ազատ արձակուի». սակայն` ո՛չ մէկ օգուտ. շրջանի իթթիհատականներուն կազմակերպած մեքենայութիւններուն իբրեւ հետեւանք` երեք ընկերներու հետ ճամբայ կը հանուի. ահռելի տանջանքներու ենթարկուելէ ետք կը կողոպտուի եւ կը սպաննուի: Կինը` համոզուած, որ գերման պետութիւնը գործակցութեան մէջ է իթթիհատականներուն հետ, կը լքէ իր գերմանական քաղաքացիութիւնը եւ կ՛ընդունի հայկական ինքնութիւն` Եաննի անունին տակ: Աղջիկը` Շամիրամն ու մանչը` Լեւոնը, իրենց հօրը ծնողներուն մօտ կը մնան շրջան մը Թուրքիոյ մէջ, սակայն հայերուն համար ապրելու պայմաններուն վատթարացումով կը մեկնին Ֆրանսա` իրենց մօրը քով:
2005-ին, հարցազրոյցի մը ընթացքին Շամիրամ կը պատմէ, որ հայրը Չանգըրը գտնուած միջոցին կը դարմանէ եւ կը բժշկէ կառապաններու մեծաւորին աղջիկը, որ կը սիրահարի Ռուբէնին: Աղջկան հայրը կ՛առաջարկէ, որ ան իսլամանայ եւ ամուսնանայ իր աղջկան հետ, այսպիսով վերջ կը գտնէ եղեր իր աքսորեալ վիճակը. սակայն Ռուբէն կ՛ըսէ, որ ամուսնացած է եւ` երկու զաւակներու հայր. կը պատասխանեն, որ եթէ իսլամութիւնը ընդունի, հարց չ՛ըլլար: Հակառակ ընկերներուն ճնշումներուն, որ ամուսնանայ եւ ազատի, Ռուբէն կը մերժէ` ըսելով. «Ես չեմ կրնար ուրանալ հայութիւնս, չեմ կրնար դաւաճանել կնոջս հանդէպ ունեցած յարգանքս». դրուագ մը` 1915-ի տեղահանութենէն: Հարիւր հազարաւոր հայեր ճամբայ հանուեցան դէպի մահ. ասիկա իրականացուցին այդ շրջանին իշխանութիւնը իրենց ձեռքին մէջ առած ափ մը իթթիհատական հրոսախումբ եւ անոնց շուրջը գտնուող ապօրինի «Թեշքիլաթը մահսուսէ»-ի անդամներ:
Էրտեմին տուած պատասխանիս մէջ գրեցի. «Ստիպուած չենք պաշտպանելու այդ ոճիրները, պարզապէս որովհետեւ թուրք ենք»:
ՀԻՒՍԷՅԻՆ ՆԵՍԻՄԻ
Պէտք է ընդունինք, որ կարգ մը հայերու գործադրած վայրագութիւնը` բռնագրաւուած Էրզրումի եւ շրջակայքի բնակչութեան վրայ, չ՛արդարացներ 1915-ին պատահած ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Վերջ ի վերջոյ պատահածը ամբողջ ժողովուրդի մը ջարդերու միջոցով «բնաջնջումն» է, «ոչնչացումն» է հազարաւոր տարիներէ ի վեր ապրած իր աշխարհագրութենէն, եւ ասիկա կատարուած գիտակցօրէն եւ պետական քաղաքականութեամբ:
Այդ ժամանակ ալ կային թուրքեր Լիճէի (Տիգրանակերտի մէջ գաւառ, Գ. Կ.) գաւառապետ Հիւսէյին Նեսիմիի նման, որոնք ջանացին արգելք ըլլալ ջարդերուն, որուն համար նոյնիսկ մահը աչք առին. անոնք ալ մեր պապերն ու նախնիներն են:
Տարի մը մնացած է 2015-ին. խիղճի հաշուեյարդար մը կատարելով` կրնանք յիշատակել ապրիլ 24-ին կորսնցուցած մեր հայրենակիցները, կրնանք յայտարարել աշխարհին, որ չենք ընդունիր պատահած կոտորածը:
«Ռատիքալ»
11-11-13
Հայացուց` Գ. Կ.

