Գաղութէ Գաղութ
Պատրաստեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Նոր Ջուղա
ՀՅ Դաշնակցութեան Հիմնադրման
123-ամեակի Տօնակատարութիւն
Նախաձեռնութեամբ Հայ դատի «Արձագանգ» քարոզչական յանձնախումբին, 15 նոյեմբերին Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան սրահին մէջ նշուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 123-ամեակը:
Օրուան առթիւ բանախօսութեամբ ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, որ հիմնական գիծերու մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի ներկայ իրավիճակին, երկրին մէջ առկայ մտահոգիչ երեւոյթներուն եւ Դաշնակցութեան դիրքորոշումին Հայաստանի մէջ եւ գործունէութեան` հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ:
Ծրագիրի գեղարուեստական բաժինով յեղափոխական երգերով հանդէս եկաւ Սուրիայէն հրաւիրուած երգիչ Գրիգոր Թիւթիւնճեան:
Չեխիա
Արամ Խաչատուրեանի 110-ամեակին
Նուիրուած Համերգ
Կազմակերպութեամբ Չեխիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, աջակցութեամբ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, 16 նոյեմբերին Փրակայի երաժշտական ակադեմիայի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արամ Խաչատուրեանի 110-ամեակին նուիրուած համերգ` կատարողութեամբ Ա. Խաչատուրեանի անուան եռեակին` Արմինէ Գրիգորեանի, Կարէն Շահգալդեանի եւ Կարէն Քոչարեանի:
Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւնները թանկարժէք ներդրում ունին դասական երաժշտութեան համաշխարհային շտեմարանին մէջ, ընդգծելով, որ Արամ Խաչատուրեանի երաժշտական ժառանգութեան միջոցով հայ երաժշտութիւնը եւ արուեստը ճանաչելի դարձած են ամբողջ աշխարհին:
Փարիզ
Տեսինի Մէջ Բացում Հայ Ազգային
Յուշագրութեան Կեդրոնի
Հոկտեմբեր 20-ին Տեսինի մէջ, ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Օրելի Ֆիլիփեթիի, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, Լիոնի եւ Տեսինի քաղաքապետներ` Ժերար Քոլոնի եւ Ժերոմ Սթիւրլայի, Ռոն-Ալփի Շրջանային խորհուրդի նախագահ Ժան-Ժաք Քերանի եւ առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեանի, կատարուեցաւ Հայ ազգային յուշագրութեան կեդրոնի բացում:
Օրելի Ֆիլիփեթի խօսք առնելով` շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը անընդունելի է, աւելցնելով, որ պատմական աշխատանքը պէտք է շարունակել: Յուշագրութեան կեդրոնի նախագահ Քաթիա Պուտոյեան ընդգծեց, որ կեդրոնին բացումը կը նպատակադրէ գերազանցել աւանդական մշակութային կեդրոնի սահմանը` առաջարկելով դասախօսութիւններ եւ ցուցահանդէսներ, որոնք մաս կը կազմեն խորհրդածութեան կալուածին:
Ելոյթներ ունեցան նաեւ Լիոնի քաղաքապետ Ժերար Քոլոն, կեդրոնի նախագահ Ժիւլ Մարտիրոսեան եւ ներկայ անձնաւորութիւններէն ոմանք:
Յուշագրութեան կեդրոնը 900 քառ. մեթր տարածութեամբ արդիական շինութիւն մըն է: Ունի մասնագիտական գրադարան մը` 100 քառ. մեթր տարածութեամբ, դիւաններու բաժին մը եւ 80 հոգիի համար նախատեսուած դասախօսութեան սրահ մը:
Կեդրոնին փաստագրական պաշարը կը հանդիսանայ 12 հազար հատորէ եւ աւելի քան 110 հազար փաստաթուղթէ, որոնք կը վերաբերին հայոց պատմութեան, յիշատակներու, լեզուի, մշակոյթի, գեղարուեստներու եւ գաղթի նիւթերուն, ինչպէս նաեւ` Եւրոպայի եւ Ֆրանսայի հայկական համայնքներու կեանքին:
Պուլկարիա
Ս. Պատարագ` Նորանշանակ
Հովիւին Կողմէ Մատուցուած
Նոյեմբեր 10-ին Փլովտիւի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` կատարողութեամբ եկեղեցւոյ նոր նշանակուած հոգեւոր հովիւ Հրաչ քհնյ. Մուրատեանի:
Հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Աբգար վրդ. Յովակիմեան ներկայացնելով նոր հովիւը` շնորհակալական խօսք ուղղեց վեհափառ հայրապետին, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին պուլկարահայոց թեմ ուղարկեց երկրորդ քահանան:
Ս. պատարագի աւարտին ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան անձամբ ծանօթանալու եւ զրուցելու Հրաչ քհնյ. Մուրատեանին հետ, որ հաստատեց, թէ կարեւորագոյն աշխատանքը պիտի ըլլայ եկեղեցւոյ շուրջ համախմբել Փլովտիւի ողջ հայութիւնը, աւելցնելով, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի հիմնուի երիտասարդաց միութիւն, տիկնանց միութիւն, ինչպէս նաեւ պիտի ցուցաբերուի աշխուժ գործունէութիւն` հոգեւոր կեանքը ծաղկեցնելու նպատակով:
Միացեալ Նահանգներ
Մեծարանքի Երեկոյ` Ի Պատիւ Մեսրոպ Մաշտոցի
Ծննդեան Առթիւ Կազմակերպուած
Գիտաժողովի Դասախօսներուն
Կազմակերպութեամբ Պոլսահայ միութեան, «Արարատ Էսքիճեան» թանգարանի, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, ՀԲԸՄ-ի եւ «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան, 26 հոկտեմբերին «Ուուտպըրի» համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը` Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1650-ամեակին առթիւ:
Մասնակից դասախօսներն էին` փրոֆ. հայր Լեւոն Զեքիեան, փրոֆ. Աբրահամ Տէրեան, տոքթ. Սրբուհի Հայրապետեան, տոքթ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան, տոքթ. Երուանդ Զօրեան, փրոֆ. Յակոբ Կիւլլիւճեան եւ փրոֆ. Ռապըրթ Հիւսըն: Գիտաժողովէն օր մը առաջ, Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ Մխիթարեան սանուց յանձնախումբին հովանաւորութեամբ, նոյն միութեան «Հրանդ Տինք» սրահին մէջ ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ` ի պատիւ վերոյիշեալ դասախօսներուն: Դասախօսներուն կենսագրականներու ընթերցումները կատարեցին իրաւաբան Էտուին Մինասեան եւ մշակութային յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Յովհաննէս Գ. Աւետիքեան: Խօսք առին նաեւ «Տի Արմինիըն Օպզրվըր» շաբաթաթերթի տէր եւ տնօրէն փրոֆ. Օշին Քէշիշեան եւ «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան ատենապետ Յարութ Տէր Դաւիթեան:
Ձեռնարկի աւարտին փրոֆ. Տէրեան եւ փրոֆ. Հիւսըն իրաւաբան Էտուին Մինասեանին նուիրեցին իրենց վերջին հրատարակած բազմագիտակ հատորներէն:
Թրքական Ալեւի Իսլամութեան Երեւոյթը
Վերջերս Օքսֆորտ համալսարանի տպարանէն լոյս տեսաւ Մարքըս Տրեսլըրի «Կրօնի մասին գրել. թրքական ալեւի իսլամութեան երեւոյթը» խորագիրով գիրքը, որ Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան մասին է:
Շահին Ալփայ գրախօսականով մը կ՛անդրադառնայ գիրքին` նշելով, որ անիկա Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարացման եւ աշխարհականացման գլխաւոր խնդիրներէն մէկուն` Թուրքիոյ ամէնէն մեծ փոքրամասնութեան` ալեւիներու դէմ իրաւական եւ ընկերային խտրականութեան ենթահողը հոյակապ կերպով կը ներկայացնէ:
Տրեսլըրի ուսումնասիրած գլխաւոր հարցը այն է, թէ գըզըլպաշ համայնքները, որոնք օսմանեան ժամանակաշրջանին հերետիկոսական, անբարոյական եւ անհաւատարիմ կը նկատուէին ու բռնաճնշումներու կ՛ենթարկուէին, հետագային` հանրապետական ժամանակաշրջանին «ալեւի» կոչուեցան եւ իսլամներ ու թուրք ժողովուրդին անբաժան մէկ մասը նկատուեցան:
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ընդունեց
Հայկազեան Համալսարանի Տնօրէն
Վեր. Փոլ Հայտոսթեանին Այցելութիւնը
Լոս Անճելըս իր այցելութեան առիթով Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի տնօրէն, վերապատուելի Փոլ Հայտnսթեան 7 նոյեմբերին այցելեց Ազգ. առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցաւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ:
Վեր. Հայտոսթեան տեղեկութիւններ հաղորդեց Հայկազեան համալսարանի աշխատանքներուն մասին, որոնք տարուէ տարի նոր ծաւալ ու տարածք կը գտնեն` նաե՛ւ շէնքերու եւ կառոյցներու ընդարձակումով: Աւելի քան 55 տարիներ առաջ հիմնադրուած Հայկազեանը այժմ լայն ճանաչում ու վարկ կը վայելէ ո՛չ միայն Լիբանանի, այլեւ ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ ու անկէ անդին, ինչպէս նաեւ գործակցութեան դաշտեր ունի Հայաստանի հետ:
Առաջնորդ սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հայկազեան համալսարանի կրթանուէր ծառայութիւններուն մասին, որոնցմէ կ՛օգտուին հաւասարապէս հայ եւ ոչ հայ ուսանողներ: Ան նաեւ լուսաբանութիւններ տուաւ Ազգ. առաջնորդարանի հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային ծառայութիւններուն մասին` միաժամանակ յիշատակելով, որ առաջնորդարանը նաեւ մասնակից է Հայաստանի ու Արցախի բարգաւաճման ու Սուրիոյ հայութեան նպաստի աշխատանքներուն:
Վեր. Փոլ Հայտոսթեան առաջնորդ սրբազանին նուիրեց Լիբանանի մէջ հրատարակուած հայերէն գիրքերու ցանկը ընդգրկող հատոր մը, որ նոր լոյս տեսած է եւ կ՛արձանագրէ աւելի քան 6500 անուն գիրք: Սրբազանը, իր կարգին, անոր նուիրեց Ազգ. առաջնորդարանի նորագոյն հրատարակութիւններէն` Կարօ Պետրոսեանի «Հայեցի կրթութիւն եւ ճանապարհ» ու «Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ տօներ եւ ազգային աւանդութիւններ» հայերէն եւ անգլերէն գիրքերէն օրինակներ:
Եուսուֆ Քարշի Ցուցահանդէսը
Ուաշինկթընի Մէջ
Վերջերս Ուաշինկթընի` Ամերիկայի դիմանկարներու ազգային պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը հայազգի աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշի գործերու ցուցահանդէսին, որ բաց պիտի մնայ մինչեւ 27 ապրիլ 2014:
Ցուցահանդէսին մէջ տեղ տրուած է 20-րդ դարու երեք ամէնէն ազդեցիկ այրերու եւ կիներու դիմանկարներուն:
Քանատա
Քանատայի Մարդկային Իրաւանց Թանգարանին
Եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանին Միջեւ
Համագործակցութեան Համաձայնագիր Ստորագրուեցաւ
Նոյեմբեր 7-ին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան Քանատայի Ուինիփեկ քաղաքին մէջ համագործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրեց Քանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանի գործադիր գրասենեակի նախագահ Սթիուըրթ Մըրէյի հետ: Ըստ համաձայնագրին, երկու կողմերը դաստիարակչական ծրագրեր ու արխիւային փաստագրական նիւթեր պիտի փոխանակեն իրարու հետ:
Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եգանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Մարդկային իրաւունքներու քանատական թանգարանին` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ մշտական ցուցահանդէս զետեղելու որոշման համար:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան այս առիթով յայտնեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը Քանատայի հասարակութեան ծանօթացնելով` մարդկութեան յիշեցուցած կ՛ըլլանք, որ մարդկային իրաւանց խախտումներու դէմ լռութեան պատը պէտք է քանդուի: Ան նկատել տուաւ, որ այս առնչութեամբ պիտի համագործակցին Քանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանին հետ:
ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան համաձայնագրի ստորագրութիւնը կարեւոր իրադարձութիւն եւ պատմական օր նկատեց քանատահայութեան համար, նկատել տալով, որ տարբեր ժողովուրդներու դէմ գործադրուած մարդկային իրաւանց անարդարութիւններու պատմութիւնը փոխանցող քանատական այս թանգարանը առաջինն է աշխարհի մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց թանգարանի պատասխանատուներուն, որոնք թանգարանի հիմնադրման առաջին իսկ օրէն սերտօրէն համագործակցած են Քանատայի հայ գաղութին եւ Հայ դատի յանձնախումբին հետ:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր ելոյթին մէջ նկատել տուաւ, որ թանգարանին տնօրէնութեան հետ երկար տարիներու բանակցութիւններու շնորհիւ կարելի եղաւ Հայոց ցեղասպանութեան բաժինը ներառել թանգարանի ծրագրին մէջ, յոյս յայտնելով, որ պատշաճ ձեւով կը ներկայացուին հայութեան դէմ գործադրուած թրքական պետութեան ցեղասպանական արարքի բոլոր ծալքերն ու պատմական փաստերը:
Նշենք, որ թանգարանը նաեւ յատուկ դաստիարակչական ծրագիր մը մշակելու ընթացքի մէջ է, որուն նպատակն է Քանատայի վարժարաններու բարձրագոյն դասարաններու մէջ մարդկային իրաւանց եւ ցեղասպանութեանց պատմութիւնը ուսուցանել:
Հայոց Ցեղասպանութեան Անդրադարձող
Խորհրդաժողով
Մոնրէալի «Քոնքորտիա» Համալսարանին Մէջ
Վերջերս «Քոնքորտիա» համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան անդրադարձող խորհրդաժողով, որուն նպատակն էր թալանուած մշակոյթներու հարցը ընդլայնելով` ժողովուրդներու դէմ գործուած անարդարութիւնը քննարկել:
Խորհրդաժողովի կազմակերպիչներէն մէկն էր Մոնրէալի ցեղասպանութեան հիմնարկի եւ «Քոնքորտիա» համալսարանին մէջ մարդկային իրաւանց ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Ֆրանք Չոք:
Խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Քանատայի բնիկ հնդիկներու, հայերու եւ հրեաներու ջարդի պատմութեանց ականաւոր մասնագէտներ, որոնք քննարկեցին այդ սպանդներուն դրդապատճառները եւ կատարուածին հետեւանքները:
Խորհրդաժողովի բանախօսներէն էր ամերիկեան «Սի.Պի.Էս. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանի «60 վայրկեաններ» յայտագիրի լրագրողներէն Մորլի Սէյֆըր, որ թալանուած արուեստին հարցին նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն ունի:

