Զրոյց` «Հայ Երիտասարդը Եւ Անոր Դերը Համահայկական Իրականութեան Մէջ» Նիւթով

zruԵրեքշաբթի, 26 նոյեմբերին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ երիտասարդը եւ անոր դերը համահայկական իրականութեան մէջ» նիւթով զրոյց մը, որուն մասնակցեցան ՀՅԴ ԼԵՄի 40-ամեակին առիթով կազմակերպուած սեմինարին եւ ձեռնարկին մասնակցելու նպատակով Լիբանան գտնուող ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սագօ Մկրտիչեան,  Հայաստանէն` ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահագն Մաթինեան, Արցախէն` երիտասարդական միաւորման պատասխանատուներէն Վահագն Տատայեան: Զրուցավարն էր «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեան:

Զրոյցին ընթացքին Սագօ Մկրտիչեան ներկայացուց գրասենեակի աշխատանքները` յատուկ կերպով շեշտը դնելով քանի մը տարիէ ի վեր Արեւմտահայաստան կատարուած գործուղում-ուխտագնացութիւններուն վրայ, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ սփիւռքահայ երիտասարդական¬ուսանողական միաւորներուն կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կազմակերպուած ճամբարներուն: Վահագն Մաթինեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Հայաստանի մէջ երիտասարդական միութեան կատարած աշխատանքները, ունեցած դժուարութիւնները եւ հայաստանեան իրականութեան մէջ միութեան հետապնդած նպատակները: Վահագն Տատայեան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ երիտասարդական միաւորին աշխատանքային ուղղութիւններուն, դիմագրաւած հարցերուն:

Զրոյցին տեսերիզը յառաջիկայ օրերուն պիտի զետեղուի «Ազդակ»-ի կայքէջին վրայ:

Share this Article
CATEGORIES