«Բագին»-ի Ընթերցման Հանդիպումներու Ծիրին Մէջ. Տոքթ. Թամար Յովհաննիսեան Խօսեցաւ Սփիւռքահայ Գրական Դէմքերէն Յակոբ Կարապենցի Մասին

DSC08778«Բագին» գրական հանդէսի կազմակերպած ընթերցման հանդիպումներու ծիրին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 27 նոյեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, շահեկան դասախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ «Բագին»-ի խմբագրատան մէջ:

«Բագին»-ի խմբագիր Յակոբ Պալեան բացումը կատարելով ձեռնարկին, անդրադարձաւ օրուան զրոյցի նիւթին, թէ ինչո՛ւ ընտրուած է Յակոբ Կարապենց: Սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելէ ետք Կարապենցը` Պալեան խօսեցաւ անոր գրական-լեզուական յատկանիշներուն մասին` զայն նկարագրելով իբրեւ «իսկական պատմող», որ թէեւ արեւելահայերէն գրած է, սակայն շատ հաճելի է կարդալ անոր գործերը:

Ապա Յակոբ Պալեան խօսքը փոխանցեց օրուան բանախօսին` հայրենի արուեստաբան տոքթ. Թամար Յովհաննիսեանին:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած ընթերցում-զրոյց այս հանդիպումին, տոքթ. Յովհաննիսեան իր նիւթը սկսաւ մէջբերում կատարելով սուրիացի արաբ գրող Ուալիտ Իխլասիի մէկ դրուատիքէն` Կարապենցի եւ առհասարակ հայ գրականութեան ու հայութեան մասին: Յովհաննիսեան նշեց, թէ ինչպէ՛ս իր Հալէպ գտնուած միջոցին սուրիացի գրող Ուալիտ Իխլասի, որ կ՛աշխատէր «Քսան հայկական պատմուածք» խորագրեալ (արաբերէն) աշխատանքի պատրաստութեան վրայ, նշած է, թէ ինք Մուշեղ Գալշոյեանի մասին իմացած է Յակոբ Կարապենցի գրութիւններուն միջոցով:

«Ալփեան եւ Հիմայալայեան լեռները բարձր են, Արարատն ալ բարձր է, սակայն անիկա մշակոյթ է, Գալշոյեան է, Կարապենց է, ատիկա դուք էք», ընդգծած է արաբ գրող Ուալիտ Իխլասի` հայութեան խորհրդանիշ Արարատ լերան մասին: Ապա տոքթ. Յովհաննիսեան ներկայացուց Յակոբ Կարապենցի (բուն անունով` Ժորժ Կարապետեան) կենսագրական, նկարագրային յատկանիշները:

1925-ին Թաւրիզ ծնած Կարապենց, Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտին ընտանիքին հետ փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ, որուն համալսարաններուն մէջ հոգեբանութեան եւ լրատուութեան մէջ մասնագիտացած է: Յովհաննիսեան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս գրականութեան միջազգային մակարդակ ունեցող գրող Յակոբ Կարապենց ստիպուած եղած է աշխատելու բազմաթիւ համեստ գործեր, ինչպէս` ճաշարանի պաշտօնեայ, մեքենավար, «Պրիթանիքա»-ի վաճառող եւ այլն, առանց սակայն կորսնցնելու իր գրական, նկարագրային պարզ, բայց տպաւորիչ յատկանիշները:

Յովհաննիսեան ցաւ յայտնեց, որ Կարապենցի գործերը չեն թարգմանուած, եւ ան պէտք եղած ձեւով չէ ներկայացուած միջազգային գրականութեան մէջ:

Խօսելով Յակոբ Կարապենցի գրական յատկանիշներուն մասին` տոքթ. Թամար Յովհաննիսեան ընդգծեց հիմնական երեք կէտեր.

ա.- Կարապենցի իւրաքանչիւր նախադասութիւն, պարբերութիւն ունի իր ճարտարապետական կառուցուածքը: Պարզ է, աւելորդ կամ պակաս բառեր չկան հոն: Եթէ բառ մը ուզես հանել` նախադասութիւնը կը փլի:

բ.- Ուշագրաւ է Կարապենցի վերնագիրի ընտրութիւնը: Մեծ վարպետութիւն է մէկ վերնագիրով փոխանցել ամբողջ նիւթին միտք բանին:

գ.- Ան մասնագիտութեամբ հոգեբան, գրող, կեանքաճանաչ է: Ան ե՛ւ իրապաշտ, ե՛ւ վիպապաշտ է, արտակարգ խառնուրդ մըն է, իր գրութիւնը այնքան կենդանի է, որ կարծէք թէ՛ կը կարդաք, թէ՛ կը տեսնէք, կ՛ապրիք գրուածքը:

Յովհաննիսեան յատուկ դրուատիքով վեր առաւ Յակոբ Կարապենցի գրիչը` ընդգծելով որ միայն մետաղէ զէնքով չէ, որ կարելի է պայքարիլ, այլեւ` գրիչով: Յովհաննիսեան շեշտեց Կարապենցի գործերու ազգային յատկանիշը, ջիղը, երբ ան Թաւրիզ, Թեհրան, ապա Նիւ Եորք, Քալիֆորնիա, Պոսթըն եղած է, մինչ Հայաստանը եղած է իր հոգիին, իր ներաշխարհին մէջ: «Ան վաւերական գրող է», ընդգծեց Յովհաննիսեան` մերթ ընթ մերթ կարդալով Կարապենցի գործերէն, ինչպէս` «Նոր աշխարհի հին սերմնացանները» գիրքէն հատուածներ, գիրք մը, որ հայոց տարագրութեան մասին գրական ոճով յուշագրում, ստեղծագործութիւն է:

Աւարտին տեղի ունեցաւ շահեկան զրոյց, ուր դարձեալ սեղանի վայ արծարծուեցաւ հայու հին, բայց նոր ցաւը` ընթերցանութեան հարցը: Ներկաները անհրաժեշտ նկատեցին մամուլի թէ դպրոցի ճամբով ընթերցանութիւնը սիրցնել եւ հետաքրքրական դարձնել նոր սերունդին: Նաեւ նշուեցաւ թարգմանութեան, յատկապէս` հայ գրողներու գործերը օտար լեզուներու թարգմանելով զանոնք միջազգային գրականութեան մաս դարձնելու անհրաժեշտութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )