Հայկազեան Համալսարանի Եւ Լիբանանի Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդի Գործակցութեամբ. «Մանկավարժ Մասնագէտներու Պատրաստութեան Ծրագիր»
Հայկազեան համալսարանը եւ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդը 27 նոյեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Հայկազեան Համալսարանի մէջ ընդունելութեան մը ընթացքին յայտարարեցին սկզբնաւորումը գործակցութեան մը` նպատակ ունենալով պատրաստութիւնը ազգային վարժարաններու 10 ուսուցիչ-տնօրէններու, որոնք պիտի հետեւին մանկավարժութեան բաժանմունքին մէջ մագիստրոսի (MA in Educational Administration, MA in Special Education) դասընթացքներու ծրագիրի մը` յաջորդ տասը տարիներուն ընթացքին: Համալսարանն ու Ուսումնական խորհուրդը հաւասարապէս պիտի տրամադրեն անհրաժեշտ ֆոնտերը:

Վեր. տոքթ. Փոլ Հայտոսթեան

Շահէ եպս. Փանոսեան
Յայտագիրը սկսաւ Հայկազեան համալսարանի հոգաբարձութեան անդամ Սեդա Գարակէօզեանի բարի գալուստի խօսքով: Ան նշեց, որ «Հայկազեան համալսարանը կը շարունակէ իր կրթական ծրագիրներով հետեւողական եւ շինիչ դեր խաղալ հայ ազգի ուսուցիչ-տնօրէններ եւ առաջնորդներ պատրաստելու իր առաքելութեան եւ կոչումին»: Ապա ան հրաւիրեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը, որ խօսք առաւ այս առիթով եւ շեշտեց, որ «համագործակցութեան առիթը արդիւնքն է ժամանակակից կեանքի պահանջներուն: Անիկա, նոյնպէս, առիթն է սերունդներու կազմաւորման եւ ժամանակակից կարողականութեան տիրացած մարդուժի պատրաստութեան հրամայականներու» որոնք հաւասարապէս կը յուզեն Հայկազեան համալսարանն ու Ազգային ուսումնական խորհուրդը»: Ան շարունակեց ընդգծելով, որ «մարդուժի պատրաստութեան հարցը հաւաքաբար մեզ յուզող հիմնահարցերէն մին է, որ կ՛ենթադրէ հաւաքական կամք ու ճիգ»: Վերջապէս, սրբազան հայրը այս առիթով շնորհաւորեց Հայկազեան համալսարանին հետ սկիզբ առնող այս միացեալ ուղեւորութիւնը եւ մաղթեց, որ «ժամանակակից կարողութեամբ զինուած մանկավարժ ուժերու պատրաստութեամբ իրողապէս պատուենք հայեցի կրթութիւն ջամբող հայ վարժարանը»:
Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. տոքթ. Փոլ Հայտոսթեան գոհունակութիւն յայտնեց այս համագործակցութեան համար եւ ըսաւ. «Եթէ լիբանանեան համալսարաններու առաքելութիւնը կ՛ամփոփուի բարձրագոյն ուսում ջամբելու մէջ, Հայկազեանի առաքելութիւնը կ՛ընդլայնուի ազգային, հոգեւոր, մշակութային ու տնտեսական մտահոգութիւններով եւս, եւ եթէ եկեղեցւոյ մը առաքելութիւնը մասնաւորապէս հոգեւոր ու ընկերային աշխարհին կը հասնի, հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը կը տարածուի հայ իրականութեան բոլոր ոլորտներուն վրայ: Այսպէս կը դիտենք մենք մեր նոր համագործակցութեան պատկերը»:
Յայտագիրը աւարտեցաւ պատշաճ հիւրասիրութեամբ:

