Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Անքնութիւն. Պատճառները Եւ Բարելաւման Միջոցները» Նիւթով

Տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան

Տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 27 նոյեմբեր 2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Անքնութիւն. պատճառները եւ բարելաւման միջոցները» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմինի բժիշկ տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան:

Առողջապահական յանձնախումբին կողմէ Յասմիկ Մկրեան բացման խօսքով նշեց, որ քունի տարողութիւնը կը տարբերի անձերու միջեւ: Ան թուեց օրինակներ, ինչպէս` հիւանդագին վիճակ, ցաւ, հոգեկան տագնապ, ճնշուածութիւն, ինչպէս նաեւ սուրճը, թէյը, ծխախոտը, ալքոլը եւ այլն: Քնաբեր դեղերու անզգուշութեամբ եւ առանց բժիշկի արտօնութեան գործածութիւնը կ՛ունենայ իր ժխտական անդրադարձը քունի, քնանալու հոլովոյթին վրայ:

Տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան սկսաւ իր դասախօսութեան սահմանելով ու բացատրելով քունը եւ անոր հոլովոյթը: Քունը բնականոն կրկնուող վիճակ մըն է, յատկանշուած` գիտակցութեան նուազումով կամ բացակայութեամբ, առկախուած զգացական աշխատանքի ու մկաններու նուազ աշխատանքով: Քունը կը նպաստէ մարմինի աճման, կառուցողական վիճակին ու պաշտպանողական, ջղային, ոսկրային եւ մկանային համակարգի վերակարգման:

Դասախօսը նշեց, որ քունի հոլովոյթը ունի 4 հանգրուաններ` բացատրելով տարբեր հանգրուանները. ան նաեւ ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս այդ հոլովոյթը յաջորդաբար տեղի կ՛ունենայ: Տոքթ. Այնթապլեան նկատել տուաւ, որ  քունի ճշդուած ժամանակահատուածին անհատը կը հասնի այդ հանգրուանին, յատկանշուած` թեթեւ քունով, որ կը տեւէ 90-էն 120 վայրկեան: Ամէնէն երկար հատուածը այս հանգրուանին կը պատահի առաւօտեան, ուր աչքի, բիբի արագ շարժումներ, սրտի արագ զարկեր եւ յաճախակի երազներ տեղի կ՛ունենան:

Որո՞նք են անքնութեան պատճառները.

1.- Դժուար քնանալը կամ երկար անքուն մնալը
2.- Յաճախակի ընդհատուող քունը
3.- Առաւօտեան կանուխ արթննալը
4.- Վերոնշեալ տուեալներուն մէկտեղումը

Անքնութեան յաճախակի ազդակները.

1.- Ընկճուածութիւնը
2.- Քաֆէինը
3.- Ֆիզիքական անհանգստութիւնը
4.- Օրուան ընթացքին քնանալը
5.- Կանուխ ժամերու քնանալը

Դասախօսը վերոնշեալ ազդակները իրենց բոլոր մանրամասնութիւններով բացատրեց ներկաներուն: Այս բաժինով ան յիշեց տարբեր ճնշուածութեան, քնաբեր դեղերու առանց բժիշկի արտօնութեան, անկանոն գործածութիւնը:

Վերջին բաժինով տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան թուեց հոգեբանական բուժման միջոցները.

1.- Անկողին ուղղուիլ երբ քունը գայ
2.-Օգտագործել անկողինը եւ ննջասենեակը միայն քնանալու համար
3.-Անքնութեան պարագային չմնալ անկողինին մէջ
4.-Առաւօտեան զարթնելու ժամը պահել անշարժ
5.-Նուազեցնել քաֆէինի եւ նիքոթինի գործածութիւնը
6.- Ամէնօրեայ մարզանքը
7.- Հեռու մնալ ալքոլէ
8.- Նուազեցնել հեղուկներու գործածութիւնը քնանալէ առաջ
9.- Հանգստանալու տարբեր միջոցներ

Դասախօսութեան աւարտին տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան պատասխանեց հարցումներուն` տալով համապատասխան լուսաբանութիւններու օրինակներ:

 

Share this Article
CATEGORIES