Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնը Պաշտօնական Նամակ Մը Յղեց ՖԻՊԱ-ին

FLBԻնչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը իր բոլոր անդամներով ներկայացուց իր հրաժարականը:

Այս իրողութենէն մեկնելով` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը ՖԻՊԱ-ին յղեց յատուկ նամակ մը` մանրամասնօրէն ներկայացնելով կատարուածը:

Նամակին մէջ մասնաւորաբար նշուած է.

«Գումարելով ընդհանուր ժողով մը` տղոց Ա. դասակարգին վերաբերեալ փոփոխութիւն կատարուեցաւ ֆետերասիոնի ներքին կանոնագիրին մէջ:

«Ա. դասակարգի ակումբները յետս կոչեցին ֆետերասիոնին դէմ դատական ատեան ներկայանալու իրենց տուած որոշումը»:

«Ֆետերասիոնին ներկայացուցած հրաժարականէն բացի, որոշուեցաւ 14 դեկտեմբեր 2013-ին կայացնել նոր ընտրութիւններ` Սանթրալ ակումբին մէջ:

«Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ ֆետերասիոնին դէմ ոչ մէկ ձեւի զրպարտանք կը մնայ այլեւս:

«Հետեւաբար, ՖԻՊԱ-ի ընդհանուր քարտուղար Փաթրիք Պաումըն, ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին, վերոնշեալ բոլոր կէտերը նկատի ունենալով, պէտք է տայ ճիշդ որոշումը եւ Լիբանանի դէմ սահմանուած կախակայումը չեղեալ նկատէ` ամէնէն արագ միջոցին»:

Share this Article
CATEGORIES