Ճատրակ. Աշխարհի Խմբային Ախոյեանութիւն. Հայաստան Յաղթեց Եգիպտոսի. Ռուսիա Եւ Չինաստան Պարտուեցան

Հայաստան - Եգիպտոս երէկուան մրցումէն

Հայաստան – Եգիպտոս երէկուան մրցումէն

Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող ճատրակի աշխարհի խմբային ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի ճակատումներուն, երէկ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը, որ մրցեցաւ Եգիպտոսի դէմ, արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 3-1 արդիւնքով:

Առաջին խաղատախտակին վրայ Սերկէյ Մովսիսեան հաւասարութիւն արձանագրեց: Ապա յաջորդաբար Վլատիմիր Յակոբեան` յաղթանակ, Գաբրիէլ Սարգսեան հաւասարութիւն, իսկ Տիգրան Պետրոսեան յաղթանակ: Լեւոն Արոնեան հանգիստ առած էր:

Մինչ Գերմանիա, Ազրպէյճան եւ Ուքրանիա արձանագրեցին իրենց երկրորդ յաղթանակը, անդին Ռուսիա եւ Չինաստան պարտուեցան` յաջորդաբար Միացեալ Նահանգներէն (3-1) եւ Ուքրանիայէն (2,5-1,5):

Մնացեալ մրցումներուն, Գերմանիան 3-1 արդիւնքով յաղթեց Թուրքիոյ, իսկ Ազրպէյճան` Հոլանտայի (3-1):

Share this Article
CATEGORIES