«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Տասը Մարզիկով Ջախջախեց Կալաթասարայը` 4-1 Արդիւնքով
Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր կատարուեցան ութ ճակատումներ:
Ռէալ Մատրիտ, որ հիւրընկալեց թրքական Կալաթասարայը, տասը մարզիկով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց` 4-1 արդիւնքով: 26-րդ վայրկեանին Սերճիօ Ռամոս կարմիր քարտ մը ստացաւ Ռէալէն: Անոր խմբակից Կերըթ Պէյլ սքանչելի կոլով մը բացաւ մրցումին հաշիւը (37-րդ):
Մանչեսթըր Եունայթըտ 5-0 արդիւնքով ջախջախեց Պայէր Լեւերքուզընը` Գերմանիոյ մէջ:
Եուվենթուս արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Քոփենհակընը: Արթուրօ Վիտալ հեթրիք մը իրագործեց (29-րդ` փենալթիով, 61-րդ` փենալթիով եւ 63-րդ):
Պայէրն Միւնիխ իր յաղթանակը արձանագրեց Ռուսիոյ մէջ, ուր 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մոսկուայի Բանակայինները:
Երէկուան մրցումները բաւական հարուստ եղան կոլերով` նկատի ունենալով, որ նշանակուեցաւ… 36 կոլ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն թեքնիք արդիւնքները.
Ա. ԽՄԲԱԿ
Պայէր Լեւերքուզըն – Մանչեսթըր Եունայթըտ 0-5
Շախտիոր Տոնեցք – ՌԷալ Սոսիետատ 4-0
Բ. ԽՄԲԱԿ
Եուվենթուս – Քոփենհակըն 3-1
Ռէալ Մատրիտ – Կալաթասարայ 4-1
Գ. ԽՄԲԱԿ
Անտըրլեխթ – Պենֆիքա 2-3
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Օլիմփիաքոս 2-1
Դ. ԽՄԲԱԿ
Մոսկուայի Բանակայիններ – Պայէրն Միւնիխ 1-3
Մանչեսթըր Սիթի – Վիքթորիա Փլզեն 4-2

