Գէորգ Ղազարեան Պայմանագիր Ստորագրեց Շախտիոր Քարականտայի Հետ

kevork-ghazarianՀայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող միջնապահ Գէորգ Ղազարեան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Շախտիոր Քարաքանտայի հետ, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը` իր լուրը քաղելով Sports.kz կայքէջէն:

Ամրան ընթացքին, մարզիկներու փոխանցման միջոցին, 25 տարեկան ֆութպոլիստը Մեթալուրկ Տոնեցքէն փոխ տրուած էր Շախտիորի: Յայտնապէս գոհ մնալով Ղազարեանէն, Ղազախական ակումբը որոշեց անոր հետ երկու տարուան պայմանագիր մը ստորագրել:

Նշենք, որ Ղազարեանի փոխանցման գումարին մասին ցարդ ոչինչ կը յայտարարուի:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )