Պոլսոյ Իշխանութիւնները Մտադիր Են Ս. Յովհաննէս Մկրտիչին Նուիրուած Բիւզանդական Վանքը Վերածել Մզկիթի

S.HovhannessԹուրքիոյ իշխանութիւնները մտադիր են մզկիթի վերածել Պոլսոյ միջնադարեան վանքերէն մէկը, ուր Բիւզանդական կայսրութեան ժամանակաշրջանին ինքնատիպ ձեռագիրներ ստեղծուած են:

«Ռաշա Թուտէյ»` յղում կատարելով «Հիւրրիյէթ»-ին, կը յայտնէ, որ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրք ժամանակին որոշած էր վանքը վերածել թանգարանի, սակայն Թուրքիոյ իշխանութիւնները յետաձգած էին անոր որոշումը:

Ըստ Պոլսոյ վարչակազմի տուեալները մէջբերող աղբիւրին, բիւզանդական վանքը մզկիթի պիտի վերածուի 2014-ին: Այս որոշումը կրնայ ջնջել միայն Թուրքիոյ խորհրդարանի յատուկ որոշումը:

Բիւզանդական վանքը հիմնադրուած է 462-ին` Հռոմէական կայսրութեան հիւպատոսին կողմէ, եւ նուիրուած է Ս. Յովհաննէս Մկրտիչին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )