«Պէտք Է «Ժընեւ-2»-ը Առանց Նախապայմաններու Գումարել» Ըսաւ Լաւրով

Սերկէյ Լաւրով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով շեշտեց, որ Սուրիոյ շուրջ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը պէտք է առանց նախապայմաններու գումարել` նշելով, որ Մոսկուա կը փափաքէր այդ ժողովը աւելի կանուխ թուականի մը գումարել եւ պիտի փորձէ մինչեւ 22 յունուար երկարող ժամանակը օգտագործել տարբեր կողմերու հետ խորհրդակցութեանց համար:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Դամասկոս կ՛ողջունէ «Ժընեւ-2»-ի թուականի ճշդումը եւ ժողովին պիտի մասնակցի պաշտօնական պատուիրակութեամբ մը:
CATEGORIES Միջազգային

