Ֆրենժիէ. «Ասատ Դիմադրութեան Մեծագոյն Զօրակիցն Է»
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի ներքին տագնապին լուծման համար այս հանգրուանին լաւագոյն միջոցը պիտի ըլլայ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւնը:
Ան դիտել տուաւ, որ երեսփոխան Թամմամ Սալամը վարչապետ նշանակելու առաջարկը կատարուած է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Սէուտական Արաբիոյ գաղտնի սպասարկութեան պետ Պանտար պըն Սուլթանի միջեւ գոյացած համաձայնութեան մը լոյսին տակ:
Միւս կողմէ, Ֆրենժիէ զարմանք յայտնեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի Սուրիոյ նկատմամբ արտայայտած կեցուածքներուն համար` նկատի ունենալով, որ ան Սուրիոյ կողմէ նախագահ նշանակուած է:
Ֆրենժիէ նշեց, որ նախատեսելի չէ, որ այս հանգրուանին Հըզպալլա հեռանայ Սուրիայէն` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ կարելի պիտի չըլլայ կազմել չէզոք կառավարութիւն մը: «Մենք ներկայիս կը գտնուինք «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ընդդէմ ծայրայեղութիւն եւ ահաբեկչութիւն» տարազին դիմաց, բայց եւ այնպէս Ասատ 2014-ի նախագահական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ եւ ան կը մնայ Դիմադրութեան մեծագոյն զօրակիցը», ըսաւ ան:

