Շարպել. «Լիբանանցիները Կը Մերժեն Պատերազմը»

marwan-charbelՆերքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կառոյցները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` բացայայտելու համար իրանեան դեսպանատան դէմ գործուած պայթումներուն դրդապատճառները` աւելցնելով, որ այս մասին հետաքննութիւնը լրջօրէն կը շարունակուի:

Միւս կողմէ, Շարպել շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ պատերազմ պիտի չբռնկի, որովհետեւ լիբանանցիները կը մերժեն պատերազմը:

Միւս կողմէ, Շարպել յայտնեց, որ Տոհայի մէջ ինք պիտի շարունակէ իր հաղորդակցութիւնները` Սուրիոյ մէջ առեւանգուած Պուլոս Եազիժի եւ Եուհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսները ազատ արձակելու առումով:

 

Share this Article
CATEGORIES