Ասատ. «Ժոմպլաթ Սուրիոյ Նախագահական Պալատ Չի Կրնար Մուտք Գործել, Սակայն Թայմուր Կրնայ»
Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն հետ հանդիպումները աշխուժացնելու շրջագիծին մէջ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալաէտտին Թըրրոյի, նախանցեալ օր այցելեց Ղովմի կուսակցութեան` շնորհաւորելու համար կուսակցութեան հիմնադրութեան տարեդարձը:
Երկու տարուան բացէ մը ետք հանդիպումը եղաւ դրական:
Հանդիպումին ընթացքին Ղովմի կուսակցութիւնը նշեց, որ Պէյրութի մէջ գտնուող Սուրիոյ զօրակից քաղաքական ուժերուն հետ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ այլոց վերստեղծած մտերմութիւնը Դամասկոսի համար նոյն նշանակութիւնը չունի:
Կուսակցութեան աղբիւրները աւելցուցին, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կարծիքով, «Մուհաժիրին» պալատին դռները փակ պիտի մնան սուրիացի ժողովուրդին արիւնահեղութեան մասնակցած անձնաւորութիւններուն դիմաց:
«Ուալիտ Ժոմպլաթ Սուրիոյ նախագահական պալատ չի կրնար մուտք գործել, սակայն անոր զաւակը` Թայմուր կրնայ», ըսած է Ասատ:

