«Նախագահական Պաշտօնին Համար Կ՛ուզենք Անձնաւորութիւն Մը, Որ Հաւատայ «Պաապտայի Յայտարարութեան» Ոգիին» «Վանայ Ձայն»-ին Կ՛ըսէ Սելիմ Սայեղ

Սելիմ Սայեղ եւ «Վանայ ձայն»-ի խօսնակ Հալա Հատտատ

Սելիմ Սայեղ եւ «Վանայ ձայն»-ի խօսնակ Հալա Հատտատ

Փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ, նախկին նախարար Սելիմ Սայեղ «Վանայ ձայն»-էն ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը Քըրնեթ Շեհուանէն դուրս եկած են: «Հակառակ անոր որ մենք եղած ենք Քըրնեթ Շեհուանի հանդիպումին ռահվիրաներէն, իսկ սուրիական հոգատարութեան դէմ Փաղանգաւոր կուսակցութեան դիմադրութիւնը եղած է պատմական, սակայն մենք կեցուածքներու մնացորդացին ազդեցութեան տակ չենք ապրիր», ըսաւ ան:

Սելիմ Սայեղ հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս  կարելի է երկիր եւ պետութիւն կերտել, եթէ իրարու հանդէպ չենք բացուած եւ իրարու միջեւ սահմանները  չենք խզած: «Նախագահական պաշտօնին համար կ՛ուզենք անձնաւորութիւն մը, որ հաւատայ «Պաապտայի յայտարարութեան» ոգիին, իսկ Հըզպալլա այս պայմանին հետ է, որ կը հակադրուի», ըսաւ Սայեղ` մաղթելով, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ նախագահական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրէ:

Սայեղ հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու հաւանականութիւն չկայ եւ ոչ ոք այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատի: «Մենք պէտք է հանրապետութիւնը փրկենք եւ, ցաւ ի սիրտ, ունինք երկու հանրապետութիւն, որոնցմէ մէկը կը մարմնաւորէ Լիբանանի անկախութեան 70-ամեակին նախագահ Սլէյմանի արտասանած ճառը, իսկ երկրորդը` Աշուրայի առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ճառը», ըսաւ Սայեղ եւ իր խօսքը ուղղելով սէյիտ Նասրալլայի շեշտեց, որ անոր որդեգրած ուղին հանրապետութիւնը կ՛առաջնորդէ դէպի վտանգ:

Ան աւելցուց, որ Հըզպալլայի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխաններուն միջեւ խորհրդարանին մէջ հանդիպումներ տեղի կ՛ունենան:

Անդրադառնալով Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնագիրին` Սայեղ ըսաւ, որ անիկա փոխըմբռնումի ձախող նմուշ մըն է, որ հիմնուած է փոխադարձ շահեր ապահովելու սկզբունքին վրայ:

Share this Article
CATEGORIES